By Asbarez | Thursday, 07 July 2016
ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Աւստրիոյ վարչապետ եւ Ընկերվար ժողովրդավարական կուսակ-ցութեան ղեկավար Քրիսթիան Քերն յայտարարեց, որ եթէ Թուրքիա դառնայ Եւրոմիութեան անդամ՝ ապա շատ հաւանական է, որ իր երկրին մէջ նոյնպէս հանրաքուէ կազմակերպուի պարզելու համար, թէ արդեօք Աւս-տրիա պիտի ուզէ մնալ Եւրոմիութեան կազմէն ներս։
Տեղական աղբիւրներ կը գրեն, որ Աւստրիոյ վարչապետը այդ հաստատումը կատարած է պետական պատկերասփիւռի կայանէն յայտագրի մը ընթացքին, անդրադառնալով Բրիտանիոյ մէջ կայացած վերջին հանրաքուէի արդիւնքներուն։
Այդ գծով, վարչապետ ըսած է, թէ որոշումը Բրիտանիոյ տնտես-ութեան վրայ ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ, բայց Աւստրիա պարտաւոր է յարգանք ցուցաբերելու որոշումին նկատմամբ եւ նուազագոյնի հասցնելու այդ որոշումին պատճառով յառաջանալիք ժխտական երեւոյթները։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ