By Asbarez | Friday, 08 July 2016

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Յուլիս 6ին հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ՝ <<քննարկելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցով նախագահ Փութինի Յունիս 20ի հանդիպումը՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ>>, կը հաղորդէ Սպիտակ տան պաշտօնական կայքը:
<<Նախագահ Օպամա իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց՝ Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի հետ միասին, իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներ, աշխուժացնելու ջանքերը՝ հասնելու համար հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման>>, գրուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Իր կարգին, Քրեմլինի պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ. <<Վլատիմիր Փութին ընդգծեց, որ բանակցութիւնները կազմակերպուած էին հակամարտութեան գօտիին մէջ իրավիճակին շուտափոյթ կայունացումը ապահովելու եւ խաղաղութեան գործընթացի յառաջխաղացքին համար յարմար պայմաններ ստեղծելու համար: Պարաք Օպամա բարձր գնահատական տուաւ Ռուսիոյ ձեռնարկած ջանքերուն: Համաձայնուեցաւ շարունակել այդ կարեւոր ուղղութեամբ համատեղ աշխուժ աշխատանքը՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ծիրէն ներս>>:
Երկու նախագահները քննարկած են նաեւ Սուրիոյ, Ուքրանիոյ եւ այլ տագնապներ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ