Վատիկան հրապարակած է Ֆրանսիս Պապի Վրաստան եւ Ատրպէյճան  այցելութեան ժամանակացոյցը

By Asbarez | Tuesday, 12 July 2016

0712pope

ՀՌՈՄ - Վատիկան Երկուշաբթի 11 Յուլիսին հրապարակած է Սեպտեմբեր 30էն Հոկտեմբերի 2 տեղի ունենալիք Ֆրանսիս պապի Վրաստան եւ Ատրպէյճան այցելութեան ծրագիրը:

Երկօրեայ այցին ընթացքին Թիֆիլիսի մէջ Հռոմի պապը հանդիպումներ պիտի ունենայ Վրաստանի նախագահ Գէորգի Մարգվելաշվիլիի, Վրաստանի պատրիարք Իլիա Բ.ի, Վրաստանի ասորա-քաղդէական եւ կաթոլիկ համայնքներու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ կաթոլիկ բարեգործական կազմակերպութիւններու աշխատակիցներու հետ:

Շաբաթ օրը՝ Հոկտեմբեր 1ին, Կաթոլիկ եկեղեցւոյ առաջնորդը պատարագ պիտի մատուցէ Միխէիլ Մեսխիի անուան մայրաքաղաքի մարզադաշտին վրայ, իսկ աւելի ուշ պիտի այցելէ Վրաստանի գլխաւոր հոգեւոր կեդրոններէն մէկը՝ Մցխեթի Սվետիցխովելի տաճարը:

Կիրակի օր՝ Հոկտեմբեր 2ին, Ֆրանսիս պապ պիտի մեկնի Պաքու, ուր առաջին հերթին տեղւոյն տաճարին մէջ պատարագ պիտի մատուցէ: Այնուհետեւ նախատեսուած են հանդիպումներ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, Կովկասի մահմետականներու վարչութեան ղեկավարութեան, Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ եւ հրէական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Այդ օրը երեկոյեան Ֆրանսիս պապ պիտի վերադառնայ Վատիկան:

 



comments