By Asbarez | Wednesday, 13 July 2016

ԼԻԲԱՆԱՆ, <<Ազդակ>> - Կազմակերպութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան (ՄԱՀԱԵՄ), Կիրակի, 10 Յուլիսի երեկոյեան, Հայ Աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր պաշտամունք, Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 170ամեակին առիթով: Պաշտամունքին ներկայ էին Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, ինչպէս նաեւ գաղութի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ:
Վեր. Հրայր Չոլաքեանի պաշտամունքի կոչէն ետք ժողովուրդը երգեց <<Փառաբանութիւն>> երգը եւ կարդաց հայ աւետարանական եկեղեցիներու հաւատոյ հանգանակը: Ապա մանուկներու երգչախումբը մեկնաբանեց գոհաբանութեան երգեր, որմէ ետք վեր. Վիգէն Չոլաքեան ընթերցեց Հին Կտակարանէն հատուած մը, իսկ վեր. Յարութիւն Սելիմեան եկեղեցւոյ համար աղերսանքի աղօթք կատարեց: Դարձեալ ժողովուրդի մեկնաբանութեամբ <<Եկեղեցին ընդհանրական>> երգի կատարումէն ետք վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան ընթերցեց Նոր Կտակարանէն հատուած մը: Օրուան պատգամը փոխանցեց ՄԱՀԱԵՄի նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան: Ան նկատել տուաւ, որ մինչ կը տօնենք Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 170ամեակը, կը նայինք անոր անցեալին, ներկային եւ մանաւանդ ապագային, նաեւ անոր էութեան, հաղորդակցութեան, ծառայութեան եւ վկայութեան տուեալները կը բաղդատենք անցեալին հետ՝ հարց տալով, թէ եկեղեցւոյ համար տակաւին յոյս կա՞յ: Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան բացատրեց, թէ այս հարցումին կարելի է պատասխանել դրական կամ ժխտական, աւելցնելով, որ դրական պատասխանողները կը շարունակեն մաս կազմել եկեղեցւոյ կեանքին, իսկ ժխտական պատասխանողներուն համար եկեղեցին կը վերածուի ժամանակավրէպ գոյութեան մը կամ յարմար ժամանակին անկէ օգտուելու հաստատութեան մը: Շարունակելով իր խօսքը վերապատուելին յայտնեց, որ մեր պատասխանը կը հիմնուի յոյսի մեր հասկացողութեան վրայ եւ բացատրեց, թէ յոյսը կը վերաբերի ապագային, հետեւաբար ինչ որ կ՛ակնկալենք այն է, որ պիտի որոշէ, թէ ինչպէս կը տեսնենք ներկայի իրականութիւնները եւ ինչպէս կ՛արժեւորենք անցեալը:
Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան ըսաւ, որ եկեղեցին յստակ կերպով կը տեսնէ անցեալը, ներկան եւ ապագայի բոլոր կարելիութիւնները, նաեւ կը քննարկէ եւ կը չափէ աշխարհին կատարած որակը՝ անոր տալով ճիշդ գնահատում: Եկեղեցին իր յոյսին համեմատ կ՛ընդունի, կը գրկէ ամէն բան եւ կը նուիրականացնէ, նաեւ աշխարհին կը ներկայացնէ նոր ու կենդանի այն ճամբան, որուն մէջ ինք՝ եկեղեցին կը քալէ: Եզրափակելով իր խօսքը, վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան հրաւիրեց եկեղեցւոյ անդամները անխախտ պահելու յոյսի դաւանութիւնը, նորոգելու իրենց յոյսը, որպէսզի անով ապրին՝ զիրար հոգալով, զիրար բարեգործութեան մղելով, մէկտեղ հաւաքուելով եւ զիրար յորդորելով:
Այնուհետեւ երգչախումբը մեկնաբանեց նուիրումի երգը, որմէ ետք վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան ողջունեց բոլոր ներկաները եւ յայտնեց, թէ 25 Սեպտեմբերին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 170ամեակի կեդրոնական հանդիսութիւնը:
Պաշտամունքը փակուեցաւ <<Տէրունական աղօթք>>ով՝ երգչախումբի կատարողութեամբ եւ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի առաքելական օրհնութեամբ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ