By Asbarez | Wednesday, 13 July 2016
ԵՐԵՒԱՆ - ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան <<Արմէնփրէս>>ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ Գերմանիոյ կառավարութիւնը չ՛ընդունիր Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին առնչութեամբ առանձին յայտարարութիւն կատարելու վերաբերող Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի պահանջը:
<<Գերմանիայի խորհրդարանն ընդունել է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը, երկրի նախագահն էլ նախորդ տարի արդէն խօսել է այդ մասին: Կարծում եմ, որ Թուրքիայի առաջարկին Գերմանիայի կառավարութիւնն ընդառաջ չի գնայ: Կառավարութեան անդամ բոլոր խորհդարանականները կողմ քուէարկեցին, իսկ արտգործանախարարն ու վարչապետը բացակայ էին նիստից: Եթէ նոյնիսկ երկուսով դէմ են, չեմ կարծում, որ ամբողջ կառավարութիւնը կողմ կը լինի արդէն կայացուած որոշմանը հակառակ քայլ կատարելուն>>, ըսած է Կիրօ Մանոյեան՝ նշելով, որ նախ վստահ չէ, թէ Թուրքիոյ պահանջին մասին գերմանական մամուլին մէջ գրուածը իրականութիւն է:
Անդրադառնալով այն հարցին, որ Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունումէն ետք անհրաժեշտութիւն կայ հարցի ժխտումը քրէականացնելու վերաբերող քայլերու գործադրութեան՝ Կիրօ Մանոյեան դիտել տուած է, որ ատիկա պէտք է դիտարկել այս փուլի նպատակայարմարութեան տեսանկիւնէն:
<<Տեղում պէտք է որոշուի, թէ որքանով է նպատակայարմար, սակայն դրանից բացի տեսակէտներ հնչեցին այն մասին, որ Գերմանիան ընդունել է իր պատասխանատուութեան բաժինը, հետեւաբար կարելի է նաեւ մտածել այդ պատասխանատուութեան կիրառման ձեւերի մասին: Եթէ պատասխանատու է կամ մեղսակից է, ապա դրա համար ինչպէս պէտք է հատուցի: Այդ մասին եւս պէտք է մտածել>>, ըսած է Կ. Մանոյեան:
Նշենք, որ 8 Յուլիսին Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի եւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հանդիպումէն ետք գերմանական եւ թրքական լրատուամիջոցները գրած էին, որ Էրտողան բացասական պատասխան տուած է Ինճիրլիքի ռազմական խարիսխ այցելելու վերաբերեալ գերմանացի պատգամաւորներուն թոյլատրութեան տալու խնդրանքին: Որպէս նախապայման Էրտողան պահանջած է, որ Մերքել յայտարարարէ, որ Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը չ՛արտայայտեր կառավարութեան տեսակէտը: Բայց եւ այնպէս, ըստ գերմանական եւ թրքական լրատուամիջոցներուն, Մերքել անկարելի նկատած է նման յայտարարութիւն կատարելը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ