Եւրոխորհրդարանը <<Ահաբեկչական>> ղեկավարներու լուսանկարներով ցուցահանդէս կը կազմակերպէ

By Asbarez | Thursday, 14 July 2016

0714ochalan

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Եւրոխորհրդարանը վերջերս, Պրիւքսէլի իր կեդրոնական շէնքին մէջ բացումը կատարեց լուսանկարներու ցուցահանդէսի մը, որ մեծ զայրոյթ յառաջացուց Թուրքիոյ մէջ։ Արդարեւ, լուսանկարչական սոյն ցուցահանդէսը կ՛ընդգրկէ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան (ՓՔՔ) ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանի ու Թուրքիոյ կողմէ ՓՔՔի մէկ ճիւղը նկատուող <<Փէ.Եէ.Տէ.>>ի ղեկավարներուն դիմանկարները։

Ցուցահանդէսը, որ բացուած է Եւրոխորհրդարանի Ընկերվարական դեմոկրատներու ղեկավար երեսփոխան Ժոզէֆ Վայտենհոլցերի նախաձեռնութեամբ, Թուր-քիոյ կողմէ նկատուեցաւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ի նպաստ գովազդի ցուցահանդէս։

Ինչպէս մամուլը կը յիշեցնէ, այս ձեռնարկը իր տեսակին մէջ երկրորդն է։ Նախապէս Եւրոխորհրդարանը դարձեալ արտօնած էր, որ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան անդամներ վրաններ լարեն խորհրդարանի տարածքին ու իրենց քարոզչութիւնը կատարեն՝ կախելով Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկչական նկատուող մարմիններու դրօշակներ, որոնք Թուրքիոյ ղեկավարութեան կողմէ <<Քուրջի կտոր>>ներ յորջորջուեցան օրին։

Սոյն ցուցահանդէսին մասին առաջին առարկութիւնը եկաւ Թուրքիոյ հանրապետութեան նախագահական պալատի բանբեր Իպրահիմ Քալընէն, որ յայտնեց, թէ Թուրքիան կը դժուարանայ հասկնալու, թէ Եւրոխորհրդարանը ի՛նչ նպատակ կը հետապնդէ նմանօրինակ ցուցահանդէսի մը բացումը արտօնելով։ <<Ասիկա յստակ նոր փաստ մըն է, թէ Եւրոխորհրդարանը երկու չափ-երկու կշիռ կը գործածէ։ Ուրեմն, այս ցուցահանդէսին կազմակերպիչները <<Նուսրա>>ին, <<Հըզպալլա>>ին ու արիւնարբու Պաշշար Ասատին լուսանկարներով ալ ցուցահանդէս մը թող բանան>>, ըսաւ Քալըն։

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ իր կարգին պաշտօնապէս պախարակեց ցուցահանդէսին բացումը եւ դիտել տուաւ, որ այսպիսի ցուցահանդէս մը կը նշանակէ՝ ահաբեկչական կազմակերպութիւնները քաջալերելու եւ անոնց գովազդը ընելու նպատակին նպաստել։

 



comments