By Asbarez | Thursday, 14 July 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - 13 Յուլիսին եռօրեայ այցելութեամբ Հայաստան ժամանած Իրանի Վերահսկողութեան գլխաւոր կազմակերպութեան նախագահ Նասեր Սարաճի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Արփինէ Յովհաննիսեան հաստատած է, որ Հայաստան Իրանի հետ ունի բարձր մակարդակի բարեկամական յարաբերութիւններ: Ան ա-ւելցուցած է, որ երկու երկիրներու արդարադատութեան նախարարութիւններուն համագործակցութիւնը թեւակոխած է խորացման ու զարգացման նոր փուլ:
Իրանի Վերահսկողութեան գլ-խաւոր կազմակերպութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է ընդունելութեան համար եւ վերահաստատած այս տարուան Մայիսին Հայաստան կատարած այցելութեան ծիրին մէջ Իրանի արդարադատութեան նախարար Մուսթաֆա Պուրմոհամատի՝ Արփինէ Յովհաննիսեանին ուղղուած հրաւէրը՝ փոխադարձ այցելութիւն տալու Իրան։
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են դատապարտեալներու փոխանակմանն ու իրաւական փոխօգնութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան ամրապնդման վերաբերող հարցեր։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ