Երեւանի մէջ բացուեցաւ առաջին 5 աստղանի պանդոկը՝ <<Ռետիսըն Պլու Հոթել>>ը

By Asbarez | Thursday, 14 July 2016

 

 

zs

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Հայաստան մուտք կը գործէ միջազգային <<Քարլսըն Ռեզիտըր>> ընկերութեան պատկանող <<Ռետիսըն Պլու>> պանդոկներու ցանցը: Հայաստանի նախագահին ներկայութեամբ տեղի ունեցած է բացումը Երեւանի առաջին 5 աստղանի պանդոկին, որ վեր կը խոյանայ <<Յաղթանակ>> զբօսայգիին կողքին, եւ որ այցելուներուն կը խոստանայ անգերազանցելի ծառայութիւններ մատուցել:

<<Իսկապէս հաճելի է Հայաստանի մէջ ներկայացնել մեր պանդոկը, որ կը յատկանշուի իր յատուկ ոճով եւ <<այո՛, կրնամ>> գաղափարախօսութեամբ, որով կ՛առաջնորդուին ցանցին բոլոր պանդոկները: Շնորհակալ ենք մեր գործընկեր <<Կոլտըն Փելիզ>> ընկերութեան, որուն հետ արդիւնաւէտ համագործակցութեան շնորհիւ այս 5 աստղանի պանդոկը արդէն մուտք կը գործէ նաեւ Երեւան>>, ըսած է <<Ռետիսըն Պլու>> Երեւանի գլխաւոր տնօրէն Ճորճ Միու: Ըստ անոր՝ միջազգային մակնիշ ներկայացնելէ զատ իրենք նաեւ բարձրակարգ ծառայութիւններ կը մատուցեն, ինչ որ անտարբեր չի ձգեր ոեւէ յաճախորդ: Ստեղծուած է 134 աշխատատեղ, ուր միակ օտարը, Միուի համաձայն, ինքն է:

Բացման ընթացքին Հայաստանի նախագահը շրջագայած է Երեւանի բարձրակարգ հիւրանոցներու շարքը համալրած <<Ռետիսըն Պլու>> պանդոկին մէջ, ծանօթացած կատարուած աշխատանքներուն, իրականացուած ներդրումներուն, ստեղծուած աշխատատեղերուն եւ առաջարկուող ծառայութիւններու որակին:

Լրագրողներուն ներկայացնելով <<Ատասթրա>> (թարգմանաբար՝ դէպի աստղերը) բացօթեայ ճաշարանը, որ պիտի սպասարկէ ո՛չ միայն պանդոկի յաճախորդներուն, այլ նաեւ ոեւէ անձի, Միու ըսած է, որ անիկա շատ լաւ վայր մըն է, մանաւանդ որ տեսարանը կը նայի դէպի Արարատ, կրնայ ընդունիլ 250 անձ։ Լրագրողները առիթ ունեցան շրջագայելու պանդոկին մէջ, նաեւ ծանօթանալու նախագահական սենեակին, որ 200 քառակուսի մեթր տարածութիւն ունի եւ նախատեսուած է թագաւորական հիւրերու, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց համար, որոնք կ՛ուզեն թագաւոր զգալ: Անիկա բաղկացած է հիւրասենեակէ, աշխատասենեակէ, ննջարանէ եւ գրադարանէ, մէկ գիշերուան համար կ՛արժէ 2 հազար տոլար: Միւս սենեակներուն միջին գինը կը տատանի 80 հազար դրամի սահմաններուն մէջ:

<<Ռետիսըն Պլու Հոթել Երեւան>>ի Վաճառքներու բաժինի տնօրէն Մարիամ Ստամբոլցեանի համաձայն՝ պանդոկին մէջ կայ 142 սենեակ, որոնցմէ 19ը բարձրակարգ, լիւքս են, իսկ երկուքը՝ արքայական եւ նախագահական սենեակներ են: 2 սենեակ ալ նախատեսուած է տեղաշարժման դժուարութիւններ ունեցող անձերուն համար: <<Ունենք 6 հանդիպման սրահներ, ամենամեծը՝ թատրոնաձեւ շարուածքով, կարողանում է տեղաւորել 200 անձի: Ունենք սպա, 7 բուժման, մերսման սրահներ, 25 մետրանոց լողաւազան: Ունենք հիանալի այգի, կարելի է ասել, որ սա Երեւանում միակ բիզնես հիւրանոցներից է, որն ունի շլացուցիչ այգի>>, աւելցուցած է Մարիամ Ստամբոլցեան:

 



comments