Ատրպէյճան Ռուսիայէն պիտի գնէ <<Ռուսլան>> բեռնատար օդանաւեր

By Asbarez | Friday, 15 July 2016

0715ruslan

ԵՐԵՒԱՆ, <<ՓանԱրմինինըն>> - Ռուսական <<Իլիւշին ֆինանս քօ>> ընկերութիւնը եւ <<Ատրպէյճանական օդուղի>> (AZAL) ընկերութիւնը կնքած են համաձայնութիւն մը՝ աշխարհի մեծագոյն բեռնատար <<Ան-124-100>> (<<Ռուսլան>>) օդանաւերու առաքումներուն վերաբերեալ: Այդ մասին կը յայտնէ <<Ատրպէյճանական օդուղի>> ընկերութեան մամլոյ ծառայութիւնը:

Մեծն Բրիտանիոյ մէջ Farnborough Airshow-2016 մեծագոյն օդանաւային տիեզերական համախմբումի ծիրին մէջ Ատրպէյճան բանակցած է օդանաւի շինութեան Boeing, <<Իլիւշին>> եւ <<Անտոնով>> ընկերութիւններուն հետ։ Այդ հանդիպման ընթացքին եւս համաձայնագիր կնքուած է <<Ռուսլան>> բեռնատար օդանաւերու տրամադրման մասին: <<Ատրպէյճանական օդուղի>>ի ղեկավարին եւ Միաւորուած օդանաւերու շինական ընկերակցութեան նախագահ Եուրի Սլիւսարի մասնակցութեամբ համաձայնագիրը ստորագրած են Silk Way Holding-ի նախագահ Զաուր Ախունտովն ու <<Իլիւշին ֆինանս քօ>>ի գլխաւոր տնօրէն Ալեքսանտր Ռուպցովը:

Ըստ Ասկերովի՝ <<Ան-124-100>> (<<Ռուսլան>>) օդանաւերու ձեռքբերումը նոր էջ պիտի բանայ Ատրպէյճանի օդանաւորդութեան պատմութեան մէջ, առիթ պիտի տայ աւելցնելու մրցակցային առաւելութիւնն ու ամրապնդելու Ատրպէյճանի դիրքերը բեռնատար օդանաւերու փոխադրութեան համաշխարհային շուկային մէջ:

Boeing-ի աւագ փոխնախագահ Մարթին Պենտրոտի եւ ընկերակցութեան վաճառքներու տնօրէն Սերտար Կիւրզեմ քննարկած են Boeing 737 MAX 10 օդանաւի առաքման կարելիութիւնները 2018-2020 թուականներուն:

 

 



comments