Ատրպէյճանական յառաջխաղացքի փորձը կասեցուած է

By Asbarez | Saturday, 16 July 2016

 


Soldier-620x300

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը անուղղակիօրէն հաստատած է Լեռնային Ղարաբաղի շփման գիծին մէջ 14 Յուլիսի երեկոյեան յառաջխաղացքի փորձի ձեռնարկելու մասին Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան կատարած յայտարարութիւնը:

Ատրպէյճանական <<ԱՊԱ>> գործակալութեան համաձայն՝ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ շփման գիծին մէջ կորսնցուցած է աւագ տեղակալը՝ Մամետով Թոքրուլ Սայատօղլուն:

Աւելի կանուխ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակը յայտարարութիւն հրապարակած ու նշած էր, որ 14 Յուլիսին՝ ժամը 22:45ին, շփման գիծի արեւելեան (Ակնա) ուղղութեամբ դիտարկուած է հակառակորդի խումբ մը զինուորականներու յառաջխաղացքի փորձ: Բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները ձեռնարկած են քայլերու եւ կանխած ատրպէյճանական զինուորներու հաւանական գործողութիւնները:



comments