Մինսկի Խումբի համանախագահները Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը պիտի քննարկեն Անգարայի մէջ

By Asbarez | Saturday, 16 July 2016

0716minsk

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման առնչութեամբ միջնորդական առաքելութիւն կատարող ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները 18 Յուլիսին պիտի այցելեն Անգարա:

Այս մասին կը հաղորդէ <<ԹԱՍՍ>> լրատու գործակալութիւնը՝ նշելով, որ Պաքուի մէջ նման յայտարարութիւն կատարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու:

Համանախագահները Թուրքիոյ մայրաքաղաքին մէջ պիտի քննարկեն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցը: Ուշագրաւ է, որ Չաւուշօղլու անգամ մը եւս կողմնակալ յայտարարութիւն կատարած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մասին։

<<Թուրքիա պիտի շարունակէ աջակցիլ հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման։ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը անպայմանօրէն օգուտ պիտի բերէ այս խնդիրին: Թուրքիա եւս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի կազմին մէջ է: Մինսկի խումբի համանախագահները Երկուշաբթի պիտի այցելեն Անգարա: Մենք հանդիպում պիտի ունենանք անոնց հետ եւ պիտի առաջարկենք սատարել Ատրպէյճանի դիրքորոշուման>>, յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

 



comments