Չաւուշօղլու Պաքուի մէջ կը քննարկէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը

By Asbarez | Saturday, 16 July 2016

Untitled

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու պաշտօնական այցելութիւն կու տայ Ատրպէյճան:

Ատրպէյճանական ԱՊԱ լրատու գործակալութեան համաձայն՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը արդէն հանդիպում ունեցած է իր ատրպէյճանցի գործընկերոջ՝ Էլմար Մամետեարովի հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են տարածաշրջանային եւ միջազգային արդիական հարցեր, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցը: Հանդիպման աւարտին կողմերը մամլոյ ասուլիս տուած են։

 



comments