By Asbarez | Tuesday, 19 July 2016
ԵՐԵՒԱՆ - Համազգայինի Ուսանողական 22րդ հաւաքը՝ <<Ֆորում>>ը, ծայր առաւ Երեւանի մէջ, Շաբաթ, 16 Յուլիս 2016ի առաւօտեան, համախմբելով թիւով 24 երիտասարդներ՝ Հայաստանէն, Արցախէն, Վրաստանէն, Սուրիայէն, Կիպրոսէն, Լիբանանէն, Ֆրանսայէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Շուէտէն եւ Ռուսիայէն:
Բացումը կատարուեցաւ <<Եւրոպա>> պանդոկին մէջ. մասնակցողներու կողքին ներկայ էին նաեւ Համազգայինի Հիմնադրամի նախագահ Լիլիթ Գալստեան եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վիգէն Թիւֆէնքճեան: Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Լիլիթ Գալստեան, ապա իր սրտի խօսքը փոխանցեց Վիգէն Թիւֆէնքճեան, ինչպէս նաեւ Ֆորումի ընթացիկ տարուան վարիչ Արա Բարսեղեան:
Ճաշի սպասարկութենէն ետք, Ֆորումականները ուղղուեցան դէպի Հայաստանի Պատմութեան թանգարան, ուր առիթը ունեցան ամփոփ տեղեկութիւններ ստանալու Հայաստանի մէջ յայտնաբերուած հնագոյն իրերուն մասին. հետաքրքրական էր մանաւանդ տեսնել վերջերս Արենիի մէջ յայտնաբերուած հնագոյն կօշիկը, նաեւ շատ ուրիշ պատմական արժէք ներկայացնող իրեր: Շարունակելով, երիտասարդները ուղղուեցան դէպի Սասունցի Դաւիթի արձան, ապա՝ Մայր Հայաստանի յուշահամալիր, ուր կը գտնուի Մայր Հայաստան քանդակը:
Գիշերը ընկերային ջերմ ու խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ բարի գալուստի ընթրիքի սեղաններուն շուրջ. կենացներուն յաջորդեցին երգն ու պարը, որոնց մասնակցեցան բոլորը, եւ առաջին օրէն իսկ տաղանդները յայտնաբերուեցան:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ