Արցախի զինուած ուժերը սկսած են բազմաստիճան զօրավարժութիւններու

By Asbarez | Tuesday, 19 July 2016

0719milexercise

 

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Արմէնփրէս>>.– Արցախի զինուած ուժերը 18 Յուլիսին սկսած են բազմաստիճան ղեկավարման մարմիններու զօրավարժութիւններուն, որոնց կը մասնակցին պաշտպանութեան բանակի վարչութիւնը, միաւորումներու, զօրամասերու եւ գումարտակներու հրամանատարական կազմը, ղեկավարման եւ ապահովական մարմինները:

Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ զօրավարժութեան նպատակն է կատարելագործել զինուած ուժերու ղեկավարման համակարգը, հրամանատարներու ու պետերու գործնական ունակութիւնները, անոնց պատրաստութեան եւ փոխգործակցութեան մակարդակը, ինչպէս նաեւ բարձրացնել բոլոր օղակի ղեկավարման մարմիններու մարտավարամասնագիտական կարողութիւններն ու բարոյահոգեբանական յատկանիշները, ներգրաւուած սպայակազմի՝ իրադրութեան գնահատման եւ որոշումներ տալու ունակութիւնները, դաշտային վարժուածութեան մակարդակը:

Զօրախաղերու ծիրին մէջ կը կատարուի մասնակից զօրամասերուն կից սպայակազմի մասնակի համալրում, կայացած են մարզումներ, ստուգուած են մարտական դրութեամբ աշխատելու ունակութիւնները:

 

 


comments