By Aztag Daily | Wednesday, 20 July 2016

Մարդու իրաւունքներու միջազգային ֆետերասիոնը հաստատած է, որ ապրիլի սկիզբը Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ հայ խաղաղ բնակիչներուն ու զինուորներուն դէմ կատարուածը զինուորական ոճիր է:
<<Վերջին 30 տարիներուն շրջանին մէջ ամէնէն կործանարար տագնապը ղարաբաղեան հակամարտութիւնն է, որ կը շարունակէ խլել մարդոց կեանքերը>>, նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Ըստ միջազգային կառոյցին, տագնապը բաւարար ուշադրութեան չէ արժանացած միջազգային հանրութեան կողմէ: Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ խաղաղ բնակիչներուն ու քաղաքային կառոյցներուն վրայ յարձակումները միջազգային իրաւունքի խախտում են:
Մարդու իրաւունքներու միջազգային ֆետերասիոնը առանձնացուցած է ազրպէյճանցի զինուորներուն կողմէ 3 տարեցներու սպանութիւնն ու խոշտանգումը, ինչպէս նաեւ զինուոր Քեարամ Սլոյեանի գլխատումը:
Ընդգծուած է, որ ազգութեամբ եզիտի Քեարամ Սլոյեանի` կտրուած գլուխին լուսանկարը տեղադրուած է ընկերային ցանցերուն վրայ` ներկայացուելով իբրեւ յաղթական աւար:
Յիշատակուած են նաեւ միւս 2 գլխատուած զինուորները:
Յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ այս բոլորը զինուորական յանցագործութիւններ են:
<<Սպաննուածներուն մարմիններուն խոշտանգումը միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտում է>>, յայտարարած է միջազգային կազմակերպութիւնը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ