Նախագահ Բակօ Սահակեան. <<նոր պատերազմի հաւանականութիւնը կախեալ է շարք մը գործօններէ>>

By Aztag Daily | Wednesday, 20 July 2016

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան յայտարարած է, որ շրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն ապահովող գործօններէն մէկը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան զինուած ուժերն են:

Այս մասին Արցախի նախագահը ըսած է  <<Լենթա.ռու>>-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին:

<<Նոր պատերազմի հաւանականութիւնը կախեալ է շարք մը գործօններէ, որոնց գլխաւորը Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի մարտունակութիւնն է եւ տագնապը զինուորական ճամբով լուծելու անընդունելիութեան վերաբերեալ միջազգային հանրութեան յստակ դիրքորոշումը>>, յայտարարած է Սահակեան:

Բակօ Սահակեան շեշտած է, որ լայնածիր եւ երկարատեւ պատերազմը պիտի դառնայ Հարաւային Կովկասի, նաեւ` ամբողջ աշխարհին մէջ ամէնէն ծանրակշիռ աղէտի խթանիչը:

 

comments