Եւրոմիութիւն-Թուրքիա յարաբերութիւնները կրնան վնասուիլ ձերբակալութիւններուն պատճառով

By Asbarez | Wednesday, 20 July 2016

0720federica

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Թէեւ իշխանութեան գլուխ գտնուող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնն ու նախագահ Էրտողանը ժողովուրդին մեծ զօրակցութեամբ յաղթանակեցին՝ տապալելով ռազմական յեղաշրջումի փորձը, բայց այնպէս կը թուի, թէ այս դէպքն ու յաջորդող զարգացումները նոր հարցեր պիտի ստեղծեն Թուրքիոյ ու միջազգային կազմակերպութիւններու միջեւ։

Արդարեւ, այժմ հարցականի տակ է ՆԱԹՕին՝ Թուրքիոյ անդամակցութեան հարցը. Եւրոմիութեան հետ եւս կ՛ակնկալուին ժխտական զարգացումներ։ Այսպէս, Եւրոմիութեան ընդլայնումի ու հարեւանութեան քաղաքականութեան հարցերով եւրոյանձնակատար Եոհանս Եան յայտարարած է, թէ Թուրքիա չի պահպաներ միջազգային իրաւունքը՝ բռնութիւններ ու ճնշում գործադրելով յեղաշրջումի փորձէն ետք, իսկ ձերբակալուած մարդոց ցանկերը նախապէս պատրաստուած եղած են արդէն։ <<Ասիկա այն բանն է, ինչէն մենք կը վախնայինք։ Ես եւ Եւրոմիութեան դիւանագիտութեան ղեկավար Ֆետերիքա Մոկերինի, յեղաշրջումէն ետք յայտարարեցինք, թէ կ՛ակնկալենք, որ այն, ինչ պիտի յաջորդէ այդ իրադարձութիւններուն, պէտք է համապատասխանէ իրաւունքի գերակայութեան միջազգային չափանիշներուն, բայց կը տեսնենք, որ այդ չափանիշները չեն պահպանուիր>>, յայտնած է Եոհանս Եան։

<<Այն երեւոյթը, որ անուանացանկերը արդէն իսկ հասանելի էին իրադարձութիւններէն ետք, ցոյց կու տայ, թէ այդ ցանկերը պատրաստուած էին այդ պահուն գործածուելու համար>>, աւելցուցած է Եան։

Միւս կողմէ, Եւրոմիութեան Արտաքին քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի, Պրիւքսէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերիի հետ միասին տուած միացեալ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, թէ որեւէ երկիր, որ կը վերադառնայ մահապատիժի, չի կրնար անդամակցիլ Եւրոմիութեան։ Մոկերինի յիշեցուց, որ Թուրքիա Եւրոխորհուրդի անդամ է ու պարտաւոր է հաւատարիմ մնալու Մարդու իրաւունքներու հռչակագիրին։ Ան նաեւ կոչ ուղղեց, որ Թուրքիա մինչեւ վերջ հաւատարիմ մնայ սահմանադրական սկզբունքներուն՝ Եւրոմիութեան անունով անգամ մը եւս ընդգծելով օրէնքի գերակայութեան կարեւորութիւնը։

 



comments