Թուրքիոյ տարածքին երեք ամսուան արտակարգ վիճակ հռչակուած է

By Asbarez | Friday, 22 July 2016

0722turkey

ՊՈԼԻՍ,<<Մարմարա>> - Յուլիս 20ին, Թուրքիոյ ամբողջ ժողովուրդը կը սպասէր այն որոշումին, որ պիտի հրապարակուէր նախ՝ Ազգային ապահովութեան խորհուրդի, ապա՝ Նախարարաց խորհուրդի նիստէն ետք։ Նախագահ Էրտողան նախապէս յայտարարած էր, որ այս երկու ժողովներուն ընթացքին կարեւոր որոշում մը պիտի առնուէր։ <<Կարեւոր որոշում>>ը հաւանաբար պիտի ըլլար երկրին մէջ արտակարգ վիճակի հռչակումը եւ այդպէս ալ եղաւ։ Նոյն գիշեր, նախագահ Էրտողան անձամբ հրապարակեց որոշումը ու հաղորդեց, թէ երկրին մէջ երեք ամսուան համար արտակարգ վիճակ կը հռչակուի։

Այս առիթով Էրտողան ընդգծեց, որ յեղափոխականներուն դէմ այս մեծ յաղթանակը տարուած էր ո՛չ միայն իր ու իր կառավարութեան, այլեւ՝ ամբողջ ժողովուրդի հերոսական դիմադրութեամբ։ Թուրքիոյ պատմութեան մէջ ասիկա առաջին անգամն է, որ պետական զինեալ հարուած մը կը ձախողի նոյնինքն ժողովուրդին ամբողջական մերժումով ու դիմադրութեամբ։ <<Ես իմ ժողովուրդով հպարտ եմ։ Մեր ժողովուրդը այս կերպով ցոյց տուաւ իր հաւատարմութիւնը ժողովրդավարութեան ու իրաւական պետութեան նկատմամբ>>, ըսաւ նախագահը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր ոստիկաններուն, զինուորներուն ու իրենց կեանքը վտանգած անմեղ քաղաքացիներուն, որոնք հերոսաբար դէմ եկան յեղափոխականներուն։

Էրտողան ապա վստահեցուց, որ արտակարգ վիճակը պիտի գործածուի ո՛չ թէ ժողովուրդին ազատութիւններն ու իրաւունքները սահմանափակելու, այլ՝ զանոնք պաշտպանելու, պետական ահաբեկչական շարժումը ամբողջովին յաղթահարելու ու ահաբեկիչներու մնացորդները մաքրագործելու նպատակով։ <<Մեր հայրենակիցները դոյզն իսկ կասկած թող չունենան, որ իրենց ժողովրդավարական իրաւունքները այժմ ապահովութեան տակ են>>, ըսաւ Էրտողան։

Ան անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիան քննադատողներուն՝ ըսելով, որ անոնք, որոնք եւրոպական պետութիւններուն դէմ ձայն չեն բարձրացներ, Թուրքիոյ մասին ալ խօսելու իրաւունք չունին։ Ան հարց տուաւ, որ եթէ եւրոպական երկիրները կամ Ամերիկան ապահովութեան համար արտակարգ վիճակ յայտարարած են, ապա Թուրքիան ինչո՞ւ պիտի քննադատուի անոր համար։ Թուրք ժողովուրդը կրնայ իր ճակատագիրը ի՛նք ճշդել։

Էրտողան իր ուղերձի վերջաւորութեան ապահովութիւն տուաւ ժողովուրդին ու կուսակալութիւններուն։ Ան հաստատեց, որ կուսակալութիւններու լիազօրութիւնները պիտի չսահմանափակուին, այլ ընդհակառակը, անոնք այժմ պիտի շարժին աւելի՛ լայն լիազօրութիւններով։

 


comments

Advertisement