Ատրպէյճան պատրաստ է Լեռնային Ղարաբաղին <<ամէնէն ընդարձակ>> կարգավիճակ տրամադրելու

By Asbarez | Sunday, 24 July 2016




ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - <<ԱՊԱ>> լրատու գործակալութեան համաձայն՝ Ատրպէյճանի խորհրդարանի փոխնախագահ Զիաֆետ Ասկերով յայտարարած է, որ Ատրպէյճան պատրաստ է Լեռնային Ղարաբաղին տրամադրելու ինքնավարութեան ա-մէնէն ընդարձակ կարգավիճակ: Այս մասին կը գրէ Լուսինէ Մուսայէլեան։

<<Մենք հանդէս կու գանք ղարաբաղեան հակամարտութեան փուլային կարգաւորման օգտին՝ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ծիրին մէջ: Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի տարածք է, Պաքուն պատրաստ է Ղարաբաղին տրամադրելու բարձրագոյն ինքնավարութեան կարգավիճակ՝ Ատրպէյճանի տարածքին մէջ: Ասիկա մեր վերջնական որոշումն է>>, յայտնած է Ատրպէյճանի խորհրդարանի փոխնախագահը՝ ընդգծելով, որ Ատրպէյճան թոյլ չի տար իր տարածքին մէջ <<արհեստականօրէն>> ստեղծել երկրորդ հայկական պետութիւն:

 

comments

Advertisement