Մինսքի խմբակի համանախագահները կը փորձեն կազմակերպել Սարգսեան – Ալիեւ հանդիպում մը

By Aztag Daily | Sunday, 24 July 2016



ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները պիտի շարունակեն աշխատանքները` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումը կազմակերպելու ուղղութեամբ:

Ըստ <<Ռիա Նովոսթի>>-ի, այս մասին յայտարարած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք` աւելցնելով, որ տակաւին յստակ չէ յաջորդ հանդիպումին յստակ թուականը:

Համանախագահները` ի դէմս Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի, պիտի նպաստեն կողմերուն միջեւ երկխօսութեան շարունակութեան, շեշտած է Ուորլիք:

Յիշեցնենք, որ նախագահներուն միջեւ վերջին հանդիպումը կայացաւ 20  յունիսին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ` Ռուսիոյ նախագահին ներկայութեամբ:

 

comments

Advertisement