Մընպեճի ազատագրումէն ետք՝ յաջորդ թիրախը պիտի ըլլայ Ռաքքան. ՄըքԿըրք

By Asbarez | Tuesday, 26 July 2016

 

0726Mcgurk_

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Էյ.Փի.>> - <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ պայքարի միջազգային դաշինքին մօտ Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Պրեթ ՄըքԿըրք յայտնեց, որ <<Իսլամական պետութեան>> կողմէ հողային լայն տարածքներու տիրապետման օրերը անցած են՝ նշելով, որ միջազգային դաշինքը իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ գործող այդ կազմակերպութիւնը պարտութեան մատնելու ջանքերուն վրայ:

Պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին ՄըքԿըրք յայտնեց, որ միջազգային դաշինքի յառաջիկայ հանգրուանի ռազմավարութիւնը կը կեդրոնանայ տեղացիները <<Իսլամական պետութեան>> դէմ կռիւին մասնակից դարձնելու ջանքերուն վրայ: Ան ըսաւ, որ <<Իսլամական պետութիւն>>ը բուռն կերպով կը պաշտպանէ Սուրիոյ Մընպեճ գիւղը, որովհետեւ անիկա զինեալներու եւ զէնք-զինամթերքի մատակարարման գլխաւոր միջանցք է, եւ աւելցուց, որ Մընպեճի ազատագրումէն ետք, յաջորդ թիրախը պիտի ըլլայ <<Իսլամական պետութեան>> կեդրոնատեղին՝ Ռաքքա քաղաքը:

ՄըքԿըրք նաեւ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա այդ նպատակին իրագործման համար հրամայած է մասնայատուկ ուժերէն 3000 զինեալներ տեղակայել, եւ աւելցուց, որ <<Իսլամական պետութիւն>>ը Իրաքի մէջ իր գրաւած հողերուն 60 առ հարիւրը կորսնցուցած է արդէն:

Սուրիոյ մէջ ամերիկեան գործունէութիւնը Ռուսիոյ հետ համակարգելու հարցին անդրադառնալով՝ ՄըքԿըրք յայտնեց, որ <<Ճապհաթ Նուսրա>>ի դէմ հարուածներուն շուրջ արդէն իսկ համակարգում գոյութիւն ունի, սակայն ռուսերը պէտք է յարգեն համաձայնութեան նկատմամբ իրենց յանձնառութիւնը՝ ճնշում բանեցնելով Սուրիոյ կառավարութեան վրայ, <<որ շարունակ կը խախտէ համաձայնութիւնը>>:

Ան բացառեց <<Իսլամական պետութեան>> դէմ պայքարի միջազգային դաշինքին Ռուսիոյ մաս կազմելը՝ նշելով, որ իր երկիրը <<վստահութիւն չունի Մոսկուայի վրայ>>, որովհետեւ անիկա ռազմական ու նիւթական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Սուրիոյ կառավարութեան:

ՄըքԿըրք նաեւ վերահաստատեց իր երկրին այն կեցուածքը, թէ Սուրիոյ մէջ կարիքը կայ քաղաքական փոխանցումի մը՝ առանց նախագահ Պաշշար Ասատի մասնակցութեան, նշելով, որ Սուրիոյ նախագահը չի կրնար երկրին կայունութիւնը վերահաստատել:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Դամասկոս պատրաստ է առանց նախապայմանի շարունակելու միջսուրիական երկխօսութիւնը:

Նախարարութիւնը նշեց, որ կառավարութիւնը նախանձախնդիր է հասնելու սուրիական ճգնաժամին համար քաղաքական լուծումի մը, որ սուրիացի ժողովուրդի ձգտումներուն համահունչ է՝ յոյս յայտնելով, որ երկխօսութիւնը յանգի ամբողջական լուծումի մը՝ առանց արտաքին միջամտութիւններու:

Նախարարութիւնը աւելցուց, որ <<հետաքրքրութեամբ կը հետեւի ահաբեկչութեան դէմ պայքարին>> առնչուող ռուս-ամերիկեան համաձայնութեան:

 

comments