Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահութեան թեկնածուները արտայայտուած դիրքորոշում ունին Հայկական հարցերու վերաբերեալ

By Aztag Daily | Wednesday, 27 July 2016



Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահի պաշտօնի թեկնածուներ` Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու Թիմ Քէյն եւ Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Մայք Փենս հայկական հարցերու վերաբերեալ դիրքորոշում ունին:

Քէյն տարիներ շարունակ աջակցած է Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններուն կողմէ հայկական հարցերու արծարծման ու լուծման: Ան եղած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման կողմնակից` իբրեւ Ռիչմընտի քաղաքապետ, ապա Վըրճինիայի նահանգապետ ընտրուելուն առաջին իսկ օրերէն:

Քէյն Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ ունի <<Սի+>> (լաւագոյնը <<Էյ+>>, վատագոյնը <<Էֆ>>) գնահատականը` հայկական խնդիրներուն իր ուշադրութեան եւ աջակցութեան համար:

2014-ին ըլլալով Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ` Քէյն փոփոխութիւններ առաջարկած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 410 բանաձեւին մէջ եւ թեր քուէարկած այդ բանաձեւին:

<<Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915-ին հայերու դէմ ցեղասպանութիւնը փաստ է. ՄԱԿ-ի մէջ մեր դեսպանը գիրք գրած է այս մասին: Մենք զինք այդ պաշտօնին հաստատած ենք նշուած հարցին մէջ իր ներգրաւուածութեան համար>>, նշած էր Քէյն:

Հայկական խնդիրներու վերաբերեալ աշխուժօրէն դիրքորոշումներ արտայայտած է նաեւ հանրապետական թեկնածու Մայք Փենս: 2005-ին` ըլլալով Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ, Փենս թեր քուէարկած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 195 եւ 316 բանաձեւերուն, սակայն 2007 եւ 2010 թուականներուն դէմ քուէարկած է նոյնպիսի բանաձեւերուն: <<Դէմ>> քուէարկելը բացատրելով Մայք Փենս նշած է, թէ կասկածի տակ չի դներ Հայոց ցեղասպանութեան փաստը, սակայն կը կարծէ, որ այդ բանաձեւերու որդեգրումը կրնայ բացասաբար անդրադառնալ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն վրայ:

 

 

comments