Հիւսիսային Ֆրանսայի մէջ ահաբեկչական յարձակում` եկեղեցւոյ մը դէմ

By Aztag Daily | Thursday, 28 July 2016



Հիւսիսային Ֆրանսայի Ռուեն քաղաքի արուարձաններէն մէկուն մէջ երկու զինեալ մարդիկ պատարագի ժամանակ մուտք գործելով Սանթ Էթիեն տիւ Ռուվրէ եկեղեցին պատանդ բռնեցին 84 տարեկան Ժաք վրդ. Համելը եւ չորս ուրիշներ: Անոնք հետագային սպաննեցին վարդապետը` մորթելով զայն:

Հետագային ոստիկանութիւնը պաշարեց եկեղեցին, ապա արագ միջամտութիւն մը կատարելով սպաննեց երկու զինեալները:

ՏԱՀԵՇ-ի առնչակից <<Աամաք>> կայքը հաղորդեց, որ յարձակումը գործած են <<Իսլամական պետութեան երկու զինուորներ>>:

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ դէպքէն անմիջապէս ետք այցելեց եկեղեցին` յայտնելով, որ յարձակում գործողները <<վախկոտ սպանութիւն>> կատարած են, իսկ Ֆրանսան <<բոլոր միջոցներով>> պիտի պայքարի ՏԱՀԵՇ-ի դէմ:

Ֆրանչիսկոս պապը դատապարտեց <<այս անհեթեթ բռնարարքին ցաւն ու ահաւորութիւնը>>:

Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարութեան բանբեր Փիեռ-Հանրի Պրանտէ յայտնեց, որ ոստիկանութեան գործողութեան ընթացքին ծանրօրէն վիրաւորուած է պատանդներէն մէկը: Զինեալները <<վնասազերծուած>> են, երբ եկեղեցիէն դուրս եկած են:

Վարչապետ Մանուէլ Վալս յայտնեց, որ զարհուրած է այս <<բարբարոս յարձակումէն>>: <<Ամբողջ Ֆրանսան եւ բոլոր կաթողիկէները վիրաւորուած են: Մենք կողք-կողքի պիտի կանգնինք>>, գրեց ան <<Թուիթըր>>-ի վրայ:

Ֆրանսական դատախազութիւնը յայտարարեց, որ յարձակումին հարցով կասկածեալ մը ձերբակալուած է:

Միւս կողմէ, նշենք, որ զինեալ մը Պերլինի մէջ կրակ բացաւ դարմանատան մը վրայ, ապա անձնասպան եղաւ: Գերմանական ոստիկանութիւնը հետագային հաղորդեց, որ դէպքին ընթացքին վիրաւորուած բժիշկ մը մահացած է:

 

comments