By Asbarez | Thursday, 28 July 2016
ՖԻԼԱՏԵԼՖԻԱ, <<Փոլիթիքօ>> - Միացեալ Նահանգներու Դեմոկրատ կուսակցութեան համագումարի երկրորդ օրը՝ Երեքշաբթի, Յուլիս 26ին, պատուիրակները պաշտօնապէս իրենց կուսակցութեան նախագահական թեկնածու ընտրեցին Հիլըրի Քլինթընը, որ Յուլիս 28ին պաշտօնապէս պիտի ընդունի թեկնածութեան առաջարկը, որ զինք պիտի դարձնէ պատմութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան առաջին կին թեկնածուն՝ գլխաւոր կուսակցութենէ մը։
Քուէարկութեան ընթացքին, Քլինթընի գլխաւոր մրցակից Պըրնի Սենտըրզի համակիր պատուիրակներէն ոմանք դուրս եկան սրահէն՝ բողոքելով ընտրութեան գործընթացին դէմ, զոր բարեփոխելու աշխատանքը արդէն իսկ ընթացքի մէջ է՝ շնորհիւ Սենտըրզի ճնշումներուն։
Երեքշաբթի օրուան գլխաւոր բանախօսն էր նախկին նախագահ Պիլ Քլինթըն, որ դրուատեց իր կնոջ արժանիքները եւ շեշտեց, թէ Միացեալ Նահանգներու յաջորդ նախագահի ընտրանքը <<իրականին եւ շինծուին>> միջեւ է՝ վստահեցնելով, որ <<իրական>>ը Հիլըրի Քլինթընն է։
Միւս կողմէ, Հանրապետական կուսակցութեան նախագահութեան թեկնածու Տանըլտ Թրամփ Յուլիս 27ին դիմեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին, որ բացայայտնէ Հիլըրի Քլինթընի մօտաւորապէս 30,000 համացանցային նամակները, որոնք ան իր նամակներու սեփական ցանցին վրայ պահած էր, երբ արտաքին գործոց նախարար էր։
Թրամփ այս յայտարարութիւնը կ՛ընէր, մինչ Դեմոկրատ կուսակցութեան համակարգիչներէն ներս թափանցած կայքահէններուն բացայայտած՝ կուսակցութեան ղեկավարներուն միջեւ նամակագրութիւններու գայթակղութիւնը կասկածներ յառաջացուցած էր, որ այդ տեղեկութիւնները բացայայտուած էին Ռուսիայէն գործող անհատներու կողմէ, որոնք նոյնիսկ Քրեմլինի հաւանութիւնը կը վայելեն։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ