Գերմանացիք դարձեալ կը զայրացնեն Անգարան

By Asbarez | Tuesday, 02 August 2016

0802Erdo Germ

ԱՆԳԱՐԱ, <<Ա.Էֆ.Փէ.>> - Յուլիս 15ի ձախող զինուորական հարուածէն ետք, հարուածի հեղինակներուն դէմ Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած պայքարին ալիքները Յուլիս 31ին հասան մինչեւ Գերմանիոյ Քէօլն քաղաքը։

Արդարեւ, Թուրքիոյ մէջ փորձուած զինուորական հարուածին դէմ հանրահաւաքներէն մէկը կազմակերպուեցաւ Քէօլնի մէջ, բայց Գերմանիոյ իշխանութիւնները մերժեցին, որ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան հեռահաս կապով ուղղակի ճառախօսութիւն մը կատարէ, ինչ որ խստօրէն զայրացուց Անգարան։

Օգոստոս 1ին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուեցաւ Անգարայի մօտ Գերմանիոյ դեսպանատան կցորդը, որուն փոխանցուեցաւ, թէ Պերլինի որոշումը անընդունելի է եւ <<արտայայտուելու իրաւունքին խախտում մըն է>>։

Նշենք, որ Թուրքիոյ իշխանութեանց ընդդիմադիրներ եւս փողոց իջած էին Քէօլնի մէջ ու հակացոյցին ընթացքին պոռացած էին. <<Հոս Թուրքիա չէ՛, Գերմանիա՛ է. Գացէ՛ք, Թուրքիոյ մէջ ըրէք ձեր հանրահաւաքը>>։

 


comments