Ողիմպիական զինադադար հաստատելու կոչ

By Asbarez | Tuesday, 02 August 2016

ՄԱԿ, <<Ռոյթըրզ>> - ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Ողիմպիական զինադադար հաստատելու կոչ ըրած է Ռիոյի մէջ, Օգոստոս 5ին սկսելիք ամառնային խաղերուն առիթով: Պան Քի Մուն աշխարհի տարածքին բոլոր տագնապներու մասնակիցներուն կոչ ըրած է՝ <<վար դնելու զէնքը եւ մէկ կողմ ձգելու տարակարծութիւնները>>, առնուազն այն ժամանակամիջոցին, երբ կ՛ընթանան մրցումները:

Ամառնային 31րդ Ողիմպիական խաղերը տեղի պիտի ունենան Օգոստոս 5-21ի միջեւ: Անոր պիտի մասնակցին 206 երկիրներէ եկած աւելի քան 10,500 մարզիկներ։ Նաեւ, անիկա Հարաւային Ամերիկայի մէջ կազմակերպուող առաջին Ողիմպիականն է:

 


comments

Advertisement