Ֆեթհուլլահ Կիւլեն եւս ''Կը Հայանայ''

By Asbarez | Tuesday, 02 August 2016

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>>.- Ամէն անգամ, երբ նեղացուցիչ հարց մը ծագի, կարգ մը շրջանակներ հայկական մասնակցութիւն տեսնել կ՛ուզեն այդ հարցին մէջ։ Ասիկա անվերջանալի պատմութիւն մը ըլլալ կը թուի։ Վերջին օրինակը կու գայ <<Օսմանեան Օճախներ>> կոչուած հիմնարկութենէն, որուն ընդհանուր նախագահը՝ Հայրուլլահ Պէյազըտ, վերջերս պնդեց, թէ Ֆեթհուլլահ Կիւլեն <<հարազատ հայ մըն է>>։ Աւելին, ան պնդեց, որ Կիւլեն էրզրումցի հայ մըն է։

Իր կարգին, Ազգայնական շարժում կուսակցութենէն պատգամաւոր Եուսուֆ Հալաճօղլու, որուն հայոց նկատմամբ դիրքորոշումը յայտնի է, այսպէս արտայայտուած էր. <<Ֆեթհուլլահ Կիւլեն հայկական ծագում ունի եւ անոր մեծ հայրը Էրզրումի մէջ գործօն դեր կատարած է թուրքերու դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան ընթացքին>>։

Միւս կողմէ, ամերիկաբնակ թուրքեր ստորագրահաւաքի արշաւ բացած են՝ պահանջելով, որ Ամերիկան Թուրքիոյ յանձնէ Կիւլենը։ <<Էն.Թի.Վի.>> կայանը կը հաղորդէ, որ ստորագրահաւաքի պատճէնին մէջ կը նշուի, թէ Կիւլեն Յուլիս 15ի զինուորական հարուածին ղեկավարն էր, հետեւաբար, խի՛ստ անհրաժեշտ է, որ ան յանձնուի Թուրքիոյ։

Իր կարգին, Կիւլեն <<Սի.Էն.Էն.>> կայանին հետ հարզացրոցի մը ընթացքին հերքած է իր հասցէին կատարուած այս ամբաստանութիւնները եւ դարձեալ պնդած, թէ պետական յեղաշրջումի փորձը բեմականացուած էր ու նման էր <<հոլիվուտեան շարժապատկերի մը>>։

 

comments

Advertisement