By Asbarez | Tuesday, 02 August 2016
ՊՈԼԻՍ, ԵՐԵՒԱՆ, <<Մարմարա>>, <<Էրմենիհապեր>> - Մինչ Թուրքիա կը տառապի ձախողած զինուորական հարուածին յաջորդող խնդիրներով ու մաքրագործումներով, քրտաբնակ նահանգներու մէջ մերթ թրքական բանակին կողմէ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դէմ, մերթ ալ բանակային դիրքերու վրայ քիւրտ զինեալներու յարձակումները կը շարունակուին։
Կիրակի, Յուլիս 31ին, Հաքքարիի Չուքուրճա գաւառակին մէջ, քիւրտ ապստամբներ յարձակեցան բանակային դիրքերու վրայ՝ սպաննելով առնուազն հինգ զինուորներ եւ վիրաւորելով վեց ուրիշներ։
Զինուորական յաւելեալ ուժեր ղրկուեցան Հաքքար։ Զինուորական ուժերուն հաղորդած տեղեկութեանց համաձայն՝ օդային եւ ցամաքային յարձակումներուն հետեւանքով սպաննուած են Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան 35 զինեալներ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ