Հայաստանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են երկու կողմերը հետաքրքրող հարցեր

By Asbarez | Tuesday, 02 August 2016

0801nalbandian

 

ԵՐԵՒԱՆ - Պաշտօնական այցելութեամբ 1 Օգոստոսին Վրաստան այցելած Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Թիֆլիսի մէջ հանդիպում ունեցած է Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Միխէիլ Ճանելիծէի հետ:

Ճանելիծէ նշած է, որ դրացի երկրին արտաքին գործոց նախարարին տուած այցելութիւնը նշանակալի իրադարձութիւն է, առիթ է շարունակելու երկխօսութիւնը փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բազմաթիւ հարցերու շուրջ: Նալբանդեան իր կարգին նշած է, որ Հայաստան կարեւոր կը նկատէ Վրաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացումը կարելի բոլոր ոլորտներուն մէջ:

Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Վրաստան երկկողմանի օրակարգի հարցերու լայն շրջանակ: Ընդգծուած է առկայ ութսունէ աւելի համաձայնագիրներ ընդգրկող հարուստ իրաւապայմանագրային դաշտի կարեւորութիւնը, ինչ որ կարելիութիւն կու տայ զարգացնելու գործակցութիւնը տարբեր բնագաւառներու մէջ:

Էդուարդ Նալբանդեանն ու Միխէիլ Ճանելիծէն քննարկած են Հայաստանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ պարբերական խորհրդատուութիւններու կայացման, իրաւապայմանագրային դաշտի կատարելագործման, միջազգային կառոյցներու մէջ համագործակցութեան, երթեւեկի փոխադրումներու դիւրացման, ուժանիւթային փոխգործակցութեան, մշակութային ոլորտին մէջ համագործակցութեան, ապակեդրոնացեալ մակարդակով շփումներուն առնչուող հարցեր, նաեւ՝ հայ-վրացական սահմանի սահմանազատման գործընթացի խնդիրները:

Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուած են մշակութային ժառանգութեան պահպանման շուրջ:

Նախարարները անդրադարձած են Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի աշխատանքներուն, քննարկած միջխորհրդարանական կապերու առաւել զարգացման գծով ձեռնարկուելիք քայլերը, անդրադարձած միջազգային եւ տարածաշրջանային հրատապ հարցերու:

Էդուարդ Նալբանդեան ներկայացուցած է Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն ջանքերը՝ ղարաբաղեան հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման նպատակով բանակցային գործընթացի աշխուժացման վերաբերող։

Հանդիպումէն ետք երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները հանդէս եկած են մամլոյ միացեալ ասուլիսով։

Պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ծաղկեպսակ զետեղած է Թիֆլիսի հերոսներու հրապարակին վրայ:

 



comments