Ոստիկանութիւնը անհամաչափ ուժ բանեցուցած է խաղաղ ցուցարարներուն վրայ - Հիւմըն Ռայթզ Ուոչ

By Asbarez | Wednesday, 03 August 2016

ԵՐԵՒԱՆ - 29 Յուլիսին Հայաստանի մէջ ոստիկանութիւնը բանեցուցած է անհամաչափ ուժ խաղաղ ցուցարարներուն նկատմամբ՝ բռնութեան ենթարկելով նաեւ ցոյցը լուսաբանող լրագրողները: <<Հիւմըն Ռայթզ Ուոչ>>ը նման զեկուցում հրապարակած է հայաստանեան վերջին իրադարձութիւններուն մասին։

Հոն նշուած է, որ գործածուած են լուսաձայնային նռնակներ, որոնց պատճառով տուժած են ցուցարարներ ու լրագրողներ: Ոստիկանները նաեւ ծեծած են ցոյցին մասնակիցներն ու լրագրողները, եւ անազատութեան մէջ պահած տասնեակ անձեր։

<<Այս դէպքերուն հետաքննութիւնը պէտք է ըլլայ արագ եւ ամբողջական: Ոստիկանութիւնը պէտք է պահպանէ հասարակական կարգը, անոնք արտօնութիւն չունին իրենց գաղափարներն ու մօտեցումները խաղաղութեամբ արտայայտելու համար հաւաքուած մարդոց նկատմամբ բռնութիւն գործադրելու>>, նշած է <<Հիումըն Ռայթզ Ուոչ>>ի հարաւային կովկասի բաժինի տնօրէն Ճիորճի Ճոճիան:

<<Հիումըն Ռայթզ Ուոչ>>ի անդամները զրուցած են վկաներու եւ վիրաւորներու հետ, որոնք պատմած են դէպքին մանրամասնութիւնները:

 


comments