By Asbarez | Wednesday, 03 August 2016

ԵՐԵՒԱՆ, <<Անկախ>> - Ռուսիոյ Ազատական ժողովրդավար կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսքի <<Լայֆ>> պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է, թէ ռուսական ռազմական խարիսխը փրկարար դեր կը կատարէ Հայաստանի համար, որովհետեւ անոր բացակայութեան պարագային՝ թուրքերն ու ատրպէյճանցիները այդ երկիրը կրնան ջնջել՝ անոր վրայ երկու կողմէն յարձակելով. այս մասին կը հաղորդէ ռուսական <<Novosti-dny.ru>> կայքը:
<<Եթէ թքնեն մեր վրայ, ապա ռազմական խարիսխը դուրս կը հանենք: Մեր ոտքերուն տակ պիտի իյնան, որպէսզի վերադարձնենք խարիսխը։ Այդ պատճառով ալ պէտք չէ Հայաստանի համար անհանգստանալ: Անոնք երբե՛ք մեզմէ չեն հրաժարիր, քանի որ այդ մէկը իրենց վերջը պիտի ըլլայ…>>, յայտարարած է Ժիրինովսքի:
Ան պնդած է, թէ Հայաստանի ռուսական խարիսխին բացակայութեան պարագային, Ատրպէյճան անյապաղ պիտի գրաւէ Լեռնային Ղարաբաղը՝ թուրքերուն օգնութեամբ:
<<Քեթրին Բ. 300 տարի առաջ եւս փրկեց Հայաստանը: Թուրքերը կը նեղացնէին բոլորին եւ այդ ժամանակէն իսկ բոլորէն ձերբազատուելու քաղաքականութիւն կը վարէին: Անոնք ոչնչացուցին փոքր ազգերը, սակայն քիւրտերու պարագային՝ չյաջողեցան, քանի որ քիւրտերը չափազանց շատ են>>, յայտարարած է ան:
Ապա մեկնաբանելով վերջին օրերու Երեւանի իրադարձութիւնները՝ Ժիրինովսքի ըսած է. <<Թքնե՛մ Հայաստանի վրայ: Ի՞նչ է Հայաստանը մարդոց համար: Հոն պարբերաբար պիտի ըլլան ելոյթներ: Փոքրիկ երկիրը է՝ լեռներու մէջ ինկած, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ, որ ո՛չ հեռանկար ունի, ո՛չ ալ տնտեսութիւն: Հոն արդէն մէկ միլիոն հայ մնացեր է: Բոլորը արտագաղթած են Լիբանան, Իրան, Ռուսիա, Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ… ամբողջ աշխարհի տարածքին սփռուած են: Ընդհանուր առմամբ, աշխարհի հայերուն թիւը 6 միլիոն է: Բնականաբար, այնտեղ տարբեր խմբաւորումներ ստորութիւններ պիտի ընեն իրարու դէմ>>:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ