By Asbarez | Wednesday, 03 August 2016
ՄՈՍԿՈՒԱ, <<Ռոյթըրզ>> - Քրեմլինը յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ ռուսական զինուորական ուղղաթիռ մը, որ Հալէպի մէջ մարդասիրական առաքելութենէ մը կը վերադառնար, վար առնուած է Օգոստոս 1ին: Ուղղաթիռին մէջ կը գտնուէին անոր անձնակազմի երեք անդամները եւ Սուրիոյ մէջ ռուսական կեդրոնէն երկու սպաներ: Քրեմլին նշեց, թէ ուղղաթիռին մէջ գտնուողները մահացած են, որովհետեւ փորձած են գետնի վրայ քաղաքային զոհերու արձանագրումը կանխարգիլելու համար ուղղաթիռը հեռացնել բնակելի շրջաններէ:
Աւելի կանուխ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը արդէն իսկ յայտարարած էր, որ Իտլիպի գիւղական շրջանին մէջ վար առնուած է ուղղաթիռ մը:
Ըստ <<Ճազիրա>> պատկերասփիւռի կայանին՝ դէպքէն ետք ռուսական ռազմական օդանաւեր թիրախ դարձուցած են ուղղաթիռի ջախջախման վայրը:
Միւս կողմէ, <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական կազմակերպութիւնը <<Եութիւպ>>ի վրայ տեղադրած է տեսանիւթ մը, ուր իր համակիրներուն կոչ կ՛ընէ Ռուսիոյ մէջ յարձակումներ գործելու եւ սպաննելու Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը:
Մինչ այդ, <<Գանձասար>>ը կը հաղորդէ, թէ ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումներ Օգոստոս 1ին ռմբակոծած են Հալէպի հարաւային բաժինը գտնուող Համտանիյէ շրջանը՝ սպաննելով առնուազն 30 քաղաքայիններ եւ պատճառելով աւելի քան 200 վիրաւորներ, մեծամասնութեամբ՝ երեխաներ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ