Թուրքիա յեղաշրջման փորձին հետեւանքով առնուազն 100 միլիառ Տոլարի վնաս կրած է

By Asbarez | Thursday, 04 August 2016

0803trk coup

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Թուրքիոյ տնտեսութիւնը, պետական յեղաշրջման փորձին պատճառով, կորսնցուցած է նուազագոյնը 300 միլիառ թրքական լիրա (մօտաւորապէս 100 միլիառ տոլար). այս մասին յայտարարած է Թուր-քիոյ առեւտուրի նախարար Պիւլենտ Թիւֆենքճի:

<<Եթէ մենք գնահատենք այն բոլոր օդանաւերը, ուղղաթիռները, ռումբերը եւ քանդուած կառոյցները, ապա անոնց արժէքը առնուազն 300 միլիառ լիրայի կը հասնի՝ ըստ նախնական տուեալներու: Սակայն այդ թիւը կրնայ աւելնալ, երբ կատարուին մանրամասն ուսումնասիրութիւններ: Օրինակ, բազմաթիւ օտար քաղաքացիներ, յեղաշրջման փորձին պատճառով ջնջած են իրենց ծրագրած այցելութիւնները>>, <<Հիւրրիյէ>>չ թերթին ըսած է թուրք նախարարը:

Միաժամանակ ան պնդած է, թէ երկրի առեւտրական շուկաները յաջողութեամբ անցած են այս <<դժուար քննութենէն>>:

<<Եթէ նման յեղաշրջում տեղի ունենար այլ երկիրներու մէջ, շուկաները հաւանաբար պիտի փակուէին նուազագոյնը մէկ շաբաթով: Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջման փորձը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ օր, իսկ Երկուշաբթի օր բոլոր դրամատուները եւ սակարանները բացուեցան արդէն: Գլխաւոր սակարանային ցուցանիշները նուազած էին սահմանափակ ծաւալով, իսկ օտարները մեծ չափերով ներդրումներ չհեռացուցին մեր շուկաներէն>>, ըսած է Թիւֆենքճի:

 



comments