Թուրքիոյ Քրտամէտ կուսակցութիւնը դարձեալ կ՛անտեսուի

By Asbarez | Friday, 05 August 2016

0804figen-yuksekdag

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, թէ Կիրակի, Օգոստոս 7ին, Պոլսոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ մեծ հանրահաւաք մը, որուն առջեւ ելոյթ ունենալու հրաւիրուած են բազմաթիւ քաղաքական դէմքեր, սակայն յատկանշականօրէն, ան ելոյթ ունենալու հրաւէր ուղղած է նաեւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններէն միայն երկուքի ղեկավարներուն՝ դարձեալ անտեսելով խորհրդարանին մէջ ներկայացուած քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը։

Քրտամէտ կուսակցութեան համանախագահ Ֆիկեն Եուքսեքտաղ այս առթիւ անդրադարձաւ նախագահութեան կողմէ իրենց կուսակցութեան նկատմամբ ցուցաբերուած անտեսումին՝ շեշտելով, որ իրենք գոյութիւն ունենալէ չեն դադրիր, եթէ ուրիշը նկատի չառնէ իրենց գոյութիւնը։

Միւս կողմէ, գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան պետ Քեմալ Քըլըճտարօղլու հաղորդեց, թէ ինք պիտի չմասնակցի հանրահաւաքին, սակայն պատուիրակութիւն մը պիտի ղրկէ։ Կուսակցութեան երեսփոխանական խմբակի ժողովին ընթացքին, Քըլըճտարօղլու վերադարձաւ քննադատող ընդդիմադիր կուսակցապետի իր դերին ու բաւական կծու խօսքեր ուղղեց իշխանութեանց եւ, առանց անուն տալու, նախագահ Էրտողանի հասցէին։ Քըլըճտարօղլու վիճելի նկատեց այն պնդումը, թէ հանրապետութեան նախագահը գլխաւոր հրամանատար պէտք է նկատուի։ Ան նաեւ սխալ գտաւ բանակէն ներս կատարուած փոփոխութիւններն ու առնուած արմատական միջոցառումները՝ դիտել տալով, որ բանակին մէջ հեղինակային աստիճանաւորում մը կայ ու այդ կարգը պէ՛տք է յարգուի։

<<Ես բանակը կը պաշտպանեմ այնպէս, ինչպէս կը պաշտպանեմ Թուրքիան>>, ըսաւ Քըլըճտարօղլու, փորձելով կանխել իր հասցէին գալիք քննադատութիւնները։

 



comments