By Asbarez | Friday, 05 August 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխնախագահ եւ արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու Մեհտի Էքեր յայտարարած է, թէ մօտաւորապէս 100 երկիրներ, ուր կը գործեն Կիւլենի շարժումի դպրոցները, պէտք է համապատասխան միջոցներու ձեռնարկեն զանոնք փակելու համար՝ ազդարարելով, որ այլապէս այդ երկիրներուն մէջ կրնան կրկնուիլ Թուրքիոյ մէջ Յուլիս 15ին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, ակնարկելով պետական յեղաշրջումի փորձին:
Նշենք, որ Պոլսոյ Հանրապետական դատախազութիւնը Օգոստոս 4ին պաշտօնապէս դատարան դիմեց, ամերիկաբնակ Ֆեթհուլլահ Կիւլենը ձերբակալելու որոշում կայացնելու համար:
Էքեր պնդած է, թէ Կիւլենի շարժումը աշխարհի տարածքին աւելի քան 700 դպրոց ունի, եւ աւելցուցած է, թէ Կիւլենը արտայանձնելու հարցը պիտի քննուի այս ամիս Թուրքիա այցելող Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերիի հետ։
Նշենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու Փաքիստան իր այցելութեան ընթացքին կոչ ըրած է փակելու Կիւլենի հետ կապեր ունեցող վարժարանները, իսկ Սուտանի նախագահ Օմեր Պեշիր հրահանգած է իր երկրին մէջ գործող բոլոր Կիւլենական դպրոցները փակել: Սակայն, <<Հապերլեր>> լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Ղազախստան մերժած է Կիւլենի դպրոցները փակելու մասին Թուրքիոյ պահանջը։ Ղազախստանի մէջ Կիւլենի համայնքին հետ կապուած 27 դպրոցներ կը գործեն։
Միւս կողմէ, Կիւլեն արաբական <<Ղատ>> պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոցի մը ընթացքին խստօրէն քննադատած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը՝ կոչ ընելով Արեւմուտքին, որ անյապաղ միջամտելով՝ տապալէ անոր բռնատիրական իշխանութիւնը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ