Արման Թաթոյեան հանդիպում ունեցած է Հիումըն Ռայթզ Ուոչի ներկայացուցիչներուն հետ

By Asbarez | Saturday, 06 August 2016

0806armantatroyan

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան աշխատանքային քննարկում ունեցած է <<Հիումըն Ռայթզ Ուոչ>> միջազգային կազմակերպութեան փոխտնօրէն, Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ գծով ղեկավարի տեղակալ Ճէյն Պիւքենենի եւ նոյն կազմակերպութեան Հարաւային Կովկասի գծով տնօրէն Կիորկի Կոկիայի հետ:

Հանդիպման ընթացքին ընդգծուած է ոստիկանութեան կողմէ արձանագրուած խախտումներու, քաղաքացիներու նկատմամբ բռ-նութիւն գործադրելու մասին տեղեկութիւններու հիման վրայ մանրամասն ու հաշուետու քննութիւն կատարելու կարեւորութիւնը: Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը Ճէյն Պիւքենենին եւ Կիորկի Կոկիային տեղեկացուցած է, որ արդէն իսկ համապատասխան նիւթեր ուղարկած է քրէական հետապնդման մարմիններուն՝ քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքով նախատեսուած ընթացակարգի ծիրին մէջ զանոնք քննարկելու նպատակով:

Քննարկուած է նաեւ ատելութեան խօսքի դէմ պայքարի ուղղութեամբ միջոցներու ձեռնարկելու, այդ ուղղութեամբ միացեալ նախաձեռնութիւններ ընելու կարելիութիւնները: Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը ներկայացուցած է բանտերուն մէջ մշտադիտարկման ուղղութեամբ իր եւ իր աշխատակազմին գործունէութիւնը՝ կալանաւորուած կամ ձերբակալուած անձերու կեցութեան պայմաններուն, անոնց իրաւունքներու ապահովման վիճակի ուսումնասիրութեան նպատակով:

<<Հիումըն Ռայթզ Ուոչ>> միջազգային կազմակերպութեան ներկայացուցիչները կարեւոր նկատած են Թաթոյեանի հետ հանդիպումը՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով հետագային եւս շարունակելու համագործակցութիւնը:

 

 



comments