Ճապհաթ Նուսրա-ն Հալէպի պաշարման խզումը կը յայտարարէ

By Asbarez | Tuesday, 09 August 2016

 

0809Aleppo

ԼՈՆՏՈՆ - <<Պի.Պի.Սի.>> հաղորդեց, որ իսլամ ծայրայեղականներու <<Ճապհաթ Նուսրա>> խմբաւորումը յայտարարած է, թէ խզած է սուրիական բանակին կողմէ՝ ընդդիմադիր զինեալներու վերահսկողութեան տակ գտնուող արեւելեան Հալէպի պաշարումը։

Այժմ ինքզինք <<Ճապհաթ Ֆաթհ Շամ>> կոչող <<Քայիտա>>ի դաշնակից նոյն այդ խմբաւորումը, Օգոստոս 7ին լուսանկարներ հրապարակեց՝ փաստելու համար, թէ ձեռք ձգած է սուրիական բանակին պատկանող զէնքեր:

Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանէն Ռամի Ապտըլ Ռահման հաստատեց, որ անոնք կրցած են պաշարումը խզել, եւ որ ճամբան տակաւին ամբողջովին ապահով չէ:

Կառավարական աղբիւրներ իրենց կարգին նշեցին, որ զինեալները աւելի քան 500 զոհ եւ հազարաւոր վիրաւորներ տալէ ետք՝ յաջողած են բանալ զինուորական նեղ միջանցքը, որ այժմ թիրախ կը դառնայ սուրիական բանակի տարբեր տրամաչափի զէնքերու կրակոցներուն:

Սուրիական կառավարութեան մօտիկ աղբիւրներ նաեւ կը յայտնեն, որ ռուսական եւ սուրիական օդուժերը իրերայաջորդ յարձակումներ կը գործեն այն դիրքերուն վրայ, ուր յառաջացած են իսլամական զինեալները, մասնաւորաբար՝ Քուլլիէթ Թասլիհի վրայ, որ գետնին հաւասար դարձած է:

Իսկ քրտական աղբիւր մը յայտնած է, թէ Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ եւ Սաքան Շապապի շրջաններուն մէջ գտնուող քրտական ուժերը պատրաստ են դիմակայելու <<Ճապհաթ Նուսրա>>ի յարձակումին:

Միւս կողմէ, քիւրտ եւ արաբ զինեալներ յաջողեցան գրաւել մօտաւորապէս երկու տարի առաջ <<Իսլամական պետութեան>> զինեալներուն կողմէ գրաւուած հիւսիսային Մանպիժ քաղաքին 90 առ հարիւրը:

 



comments