Թեհրան եւ Պաքու համագործակցութեան վեց համաձայնագիրներ կը ստորագրեն

By Asbarez | Tuesday, 09 August 2016



ԹԵՀՐԱՆ, <<Ալիք>>.- Իրանի Հանրապետութեան նախագահ Հասան Ռոհանիի Ատրպէյճան այցելութեան ծիրէն ներս, Իրան եւ Ատրպէյճան ստորագրած են տարբեր ոլորտներու վերաբերող համագործակցութեան վեց համաձայնագիրներ ու յուշագիրներ. այս մասին կը տեղեկացնեն իրանեան լրատուական գործակալութիւնները:

Յիշեցնէք, որ Ռոհանի Պաքու մեկնած էր մասնակցելու համար Իրանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներու եռակողմանի հանդիպման։

Այս առիթով, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտնեց, որ Ատրպէյճանի եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւնները կը զարգանան յաջող կերպով եւ արագ կշռոյթով:

Ռոհանիի հետ իր հանդիպման ընթացքին Ալիեւ յայտնեց. <<Փոխադարձ եւ յաճախակի այցելութիւնները մեր յարաբերութիւններու արագ զարգացման փաստն են>>:

comments