Թուրքիա-Աւստրիա բանավէճ

By Asbarez | Tuesday, 09 August 2016



ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Գերմանիայէն ետք, Թուրքիա ներկայիս դիւանագիտական տագնապ մը կ՛ապրի նաեւ Աւստրիոյ հետ։ Պատճառը՝ Աւստրիոյ վարչապետ Քրիսթիան Քերնի կողմէ Թուրքիոյ դէմ յստակ դիրքորոշումն է։ Արդարեւ, Քերն անցեալ շաբաթ առաջարկած էր կասեցնել Թուրքիոյ՝ Եւրոմիութեան անդամակցութեան բանակցութիւնները՝ քննադատելով երկրին մէջ ժողովրդավարութեան վիճակը եւ անբաւարար նկատելով անոր տնտեսութեան մակարդակը։

Աւստրիոյ վարչապետին այս դիրքորոշումը անհանգստացուց Անգարան, իսկ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու խիստ պատասխան տուաւ՝ պնդելով, որ <<Աւստրիա արմատական ցեղապաշտութեան մայրաքաղաքն է>>։

Հակադարձելով այս յարձակումին՝ Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Սեպասթիան Քուրց ըսաւ, թէ Անգարա պէտք է մեղմացնէ իր բառերն ու շարժումները եւ նախ պէտք է կատարէ իր <<տան պարտականութիւնը>>։

<<Վճռաբա՛ր կը մերժեմ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին կողմէ Աւստրիոյ հասցէին կատարուած քննադատութիւնը>>, ըսաւ Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարարը, աւելցնելով. <<Մենք պէտք չէ ծունկի գանք Անգարայի առջեւ, ընդհակառակը՝ պէտք է ամրապնդենք մեր հիմնական արժէքները: Առանց մուտքի արտօնագիրի դրութիւն հաստատելու համար կան յստակ չափանիշներ, եւ մենք պէտք չէ հրաժարինք անոնցմէ: Թուրքիա այժմ կը զարգանայ Եւրոպայէն ճիշդ հակադիր ուղղութեամբ>>:

 


comments

Advertisement