By Asbarez | Thursday, 29 October 2009
ՊԱՔՈՒ, <<Մարմարա>>, <<Էյ.Փի. Էյ.>>.- Թուրքիոյ Արտաքին Նախարար Ահմէտ Տաւութօղլուի վերջին Պաքու այցելութիւնը իր դրական արդիւնքը տուած է եւ Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ միջեւ ստեղծուած դրօշակի տագնապը լուծուած է արդէն։ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները վերականգնեցին Պաքուի մէջ թուրք նահատակաց գերեզմանատան դրօշակի ձողերը, որպէսզի անոնց վրայ կրկին ծածանի թրքական դրօշակը, զոր վար առած էին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ արձանագրութիւններուն դէմ բողոքելու համար:
Դրօշակները վերականգնելու աշխատանքին Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27ի երեկոյեան հետեւեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Հուլուսի Քըլըճ, որ նաեւ ականատես եղաւ երկու դրօշակներու ծածանումին:
Այս առթիւ հաղորդուեցաւ, որ աշխատանքը լրացնելէ ետք թրքական բոլոր դրօշակները վերստին պիտի կախուին Ատրպէյճանի դրօշակներուն քով։ Այս կերպով բոլորովին լուծուած պիտի ըլլայ դրօշակի տագնապը, որ փրոթոքոլներու ստորագրութենէն ետք, ա՛լ աւելի հրահրուած էր Պուրսայի մրցումին ատրպէյճանական դրօշակին դէմ դրուած արգելքի հետեւանքով։
Չորեքշաբթի օր յուշարձանը այցելեց նաեւ Թուրքիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովի նախագահ Մուրատ Մերճան, որ ողջունեց դրօշակներուն վերադարձը եւ դարձեալ վստահեցուց, թէ Անգարա Ատրպէյճանի շահերուն վնաս հասցնող քայլերու պիտի չդիմէ: Անոր ընկերացող թուրք այլ երեսփոխաններ եւ Ատրպէյճանի խորհրդարանի անդամներ եւս ողջունեցին այս քայլը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ