By Asbarez | Wednesday, 10 August 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալ թեւը նկատուող Քրտական համայնքներու միութեան համանախագահ Ճեմիլ Պայըք թրքական <<Հապեր.սօլ>> կայքին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ քիւրտերը պիտի ընդարձակեն իրենց ազատագրական զինեալ պայքարը:
Նշելով, որ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած զինուորական ձախող յեղաշրջման պատճառով երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը չի կրնար խանգարել իրենց պայքարը՝ Պայըք ըսած է, որ այսուհետեւ թրքական ուժերուն դէմ գործողութիւններ պիտի կատարուին ոչ միայն լեռնային շրջաններու, այլեւ բնակելի գօտիներու մէջ:
Ան նաեւ ըսած է, որ Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակը նոր փուլ է, եւ զգուշացուցած է, որ քաղաքներու մէջ ծառայութիւն կատարող թրքական ապահովական ուժերը նախկինին նման չեն կրնար հանգիստ մնալ, որովհետեւ Քրտական համայնքներու միութեան զինեալները պիտի դիմեն <<աւելի՛ արդիւնաւէտ>> գործողութիւններու:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ