Փութին համաձայն է Թուրքիոյ հետ յարաբերութեանց  բնականոնացման

By Asbarez | Wednesday, 10 August 2016

0810putin erdo

Ս. ՓԵԹԵՐՍՊՈՒՐԿ, <<Պի.Պի. Սի.>> - Երեքշաբթի, Օգոստոս 9ին, Ռուսիա այցելող Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հանդիպում մը ունենալէ ետք, նախագահ Վլատիմիր Փութին առաջարկեց Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնել, մինչ Էրտողան գնահատեց Փութինը, որ Յուլիս 15ի զինուորական ձախող հարուածէն ետք հեռաձայնով կապուած էր Էրտողանի հետ, զօրակցութիւն յայտնելով անոր եւ Թուրքիոյ։

Երկու երկիրներու յարաբերութիւնները խզուեցան անցեալ տարուան Նոյեմբերին, երբ Թուրքիոյ սահմանին մօտ վար առնուեցաւ Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութեանց մասնակցող ռուսական ռազմական օդանաւ մը, որմէ ետք Ռուսիա պատժական խիստ միջոցներու դիմեց Թուրքիոյ դէմ։ Յարաբերութիւնները բարելաւելու քայլեր սկսան առնուելու, երբ Անգարա ներողութիւն խնդրեց միջադէպին համար։ Էրտողան-Փութին հանդիպումը տեղի ունեցաւ ռուսական օդանաւի զգետնումէն 258 օր ետք։

Էրտողան իրեն հետ բերած էր նաեւ խումբ մը թուրք գործարարներ, քննելու համար տնտեսական կապերը վերահաստատելու կարելիութիւնները։

Յատկանշական է, որ Էրտողան Ռուսիա երթալէն առաջ, երկար հարցազրոյց մը կատարած է ռուսական <<Թասս>> լրատու գործակալութեան հետ՝ <<անբախտ միջադէպ>> որակելով ռուսական օդանաւին վար առնուիլը, որուն հետեւանքով սառեցուած էին երկու երկիրներուն տնտեսական յարաբերութիւնները 100 միլիառ տոլարի հասցնելու ջանքերը։

Պատասխանելով Թուրքիոյ քիւրտ բնակչութեան դիրքին մասին հարցումի մը՝ Էրտողան դիտել տուած է, որ Թուրքիոյ քիւրտերը միայն քրտամէտ կուսակցութեան մը երդիքին տակ համախմբուած չեն եւ շեշտած է, որ մեծ թիւով քիւրտեր քուէարկած են նաեւ իր հիմնած՝ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ի նպաստ։

Էրտողան նաեւ յայտնած է, որ Սուրիոյ տագնապի լուծման հարցին մէջ Ռուսիոյ դերը շա՛տ կարեւոր է: <<Առանց Ռուսիոյ մասնակցութեան, անկարելի է գտնել սուրիական տագնապին լուծումը: Միայն Ռուսիոյ հետ համագործակցութեան պարագային մենք կրնանք լուծել Սուրիոյ մէջ տիրող ճգնաժամը>>, ըսած է Էրտողան:

Ան խօսած է նաեւ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններուն մասին՝ ըսելով. <<Եւրոպական Միութիւնը չի կատարեր Թուրքիոյ տուած իր խոստումները եւ 53 տարի շարունակ յիմարի տեղ կը դնէ զայն>>:

 



comments