Մահապատիժի սահմանումը վերջակէտ պիտի դնէ Թուրքիոյ՝ Եւրոմիութեան անդամակցութեան. Պերլին

By Asbarez | Thursday, 11 August 2016

ՄՈՍԿՈՒԱ - <<Թասս>> լրատու գործակալութեան համաձայն՝ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտարարած է, թէ Թուրքիոյ մէջ մահապատիժի վերականգնումը պատճառ պիտի դառնայ, որ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու համար Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները կասեցուին:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր նախապէս յայտնած էր. <<Յեղաշրջումի ձախող փորձէն ետք, Թուրքիոյ կողմէ մահապատիժը վերականգնելու որեւէ քայլ՝ Եւրոպական Միութեան միանալու անոր ջանքերը դուրս պիտի բերէ իր հունէն>>:

Իր կարգին, գերմանական <<Էյ.Առ.Տի.>> պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի խորհրդական Սիկմար Կապրիէլ, անդրադառնալով Թուրքիոյ հետ Եւրոմիութեան անդամակցութեան բանակցութիւնները դադրեցնելու մասին հնչող կարծիքներուն՝ յայտարարած է. <<Մենք պէտք է Թուրքիոյ հետ ամէն տեսակի երկխօսութեան ուղիներ բաց պահենք: Սակայն, ես այն կարծիքին եմ, որ մօտիկ ապագային՝ յառաջիկայ քսան տարիներուն, Թուրքիա Եւրոպական Միութեան անդամ ըլլալու հաւանականութիւնը չունի>>, նշելով, որ Թուրքիա տակաւին շատ հեռու է Եւրոմիութեան չափանիշներէն:

<<Մահապատիժի վերականգնումը պիտի հակասէ Եւրոմիութեան հիմնարար իրաւունքներու հռչակագիրին: Այդ ժամանակ, անդամակցութեան բանակցութիւնները անիմաստ պիտի դառնան>>, նշած է ան:

Յայտնենք, որ Գերմանիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Մարքուս Էտերեր Օգոստոս 9ին Թուրքիա այցելած է, երկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւելու կարելիութիւնները քննելու համար։ Ան խորհրդակցութիւններ ունեցած է իրեն պաշտօնակից Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի եւ շարք մը երեսփոխաններու հետ։

Երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները վատթարացած են անցեալ Յուլիս 2էն ի վեր, երբ Գերմանիոյ խորհրդարանը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը վաւերացուց:

 

comments