By Asbarez | Saturday, 13 August 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Սոչիի մէջ մասնակցած է Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի հերթական նիստին, որմէ առաջ նախ տեղի ունեցած է միջկառավարական խորհուրդի նեղ կազմով նիստը, ապա՝ ընդլայնուած կազմով նիստը:
Նիստին ընթացքին Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարները քննարկած են ԵԱՏՄ ծիրին մէջ հետագայ համագործակցութեան զարգացման ու ընդլայնման առնչուած հարցեր: Յատուկ կերպով անդրադարձ կատարուած է ԵԱՏՄ մաքսային օրէնսգիրքին մասին պայմանագիրի նախագիծին, ԵԱՏՄ անդամ-պետութիւններուն մէջ ապրանքներու փոխանակման մեքանիզմի ներդրումը ապահովող քայլերու գործադրութեան ընթացքին, դեղերու շրջանառութեան ոլորտին առնչուող փաստաթուղթերու թղթածրարին՝ դեղերու միասնական շուկայի ձեւաւորման առաջադրանքով: Քննարկուած են նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան մաքսային տարածք ապրանքներու ներածման եւ շրջանառութեան որոշ հարցեր՝ պայմանաւորուած Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան Ղազախիստանի Հանրապետութեան անդամակցութեամբ:
Անդրադառնալով օրակարգային հարցերուն՝ վարչապետ Աբրահամեան նշած է, որ հայկական կողմը մեծ կարեւորութիւն կու տայ Մաքսային օրէնսգիրքի ընդունման՝ ընդգծելով, որ ատիկա լուրջ քայլ է միութեան իրաւապայմանագրային հիմքի ամրապնդման ուղղութեամբ եւ անիկա պէտք է հաւասարապէս կիրարկուի ու ընդունուի անդամ պետութիւններուն մէջ:
Խօսելով դեղերու շրջանառութեան ոլորտը կարգաւորող փաստաթուղթերուն մասին՝ Յովիկ Աբրահամեան ընդգծած է ԵԱՏՄի մէջ դեղամիջոցներու միասնական սկզբունքներու եւ կիրարկուող կանոններու արագ հաստատման կարեւորութիւնը, ինչ որ ԵԱՏՄ երկիրները դուրս պիտի բերէ այս ոլորտի ընդհանուր շուկայէն եւ դեղ արտադրողներուն պիտի տրուին նոր կարելիութիւններուն, որոնց կարգին՝ երրորդ երկիրներու շուկաներ մուտք գործելու առումով:
Նիստին ընթացքին համաձայնութիւն տրուած է վերոնշեալ փաստաթուղթերուն, որոնք կ՛ամրագրեն անդամ պետութիւններու փոխգործակցութիւնը տն-տեսութեան բազմաթիւ ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ ստորագրուած է <<ԵԱՏՄ անդամ պետութիւններուն միջեւ փոխադարձ առեւտուր կատարելու ատեն օզոնը քայքայող նիւթերու եւ զանոնք պարունակող արտադրանքի տեղափոխման ու օզոնը քայքայող նիւթերու հաշուառման մասին>> համաձայնագիրին Ղրղըզստանի Հանրապետութեան միանալու մասին արձանագրութիւնը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ