Ռուսիա եւ Ատրպէյճան զգալիօրէն պիտի ընդարձակեն ռազմավարական գործակցութիւնը

By Asbarez | Tuesday, 16 August 2016



ՄՈՍԿՈՒԱ, <<Ազատութիւն>> - Ըստ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքին՝ Ռուսիա եւ Ատրպէյճան կը նախատեսեն <<զգալիօրէն ընդարձակել  ռազմաճարտարագիտական համագործակցութիւնը>>:

Հակառակ այն իրողութեան, որ Ատրպէյճան անդամ չէ ՀԱՊԿին, վերջերս երկու երկիրներուն միջեւ ռազմաճարտարագիտական համագործակցութիւնը արագօրէն սկսած է զարգանալու:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու, որ անակնկալ այցելութեամբ Պաքու հասած էր Օգոստոս 14ին, աւելի ուշ պիտի այցելէ Երեւան, մասնակցելու համար Հաւաքական ապահովութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրներու Պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի հերթական նիստին։

Պաքուի մէջ Շոյկուն ընդունած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, որ ընդգծած է, թէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ իր ունեցած հանդիպման ընթացքին, ի շարս այլոց՝ քննարկած է երկու երկիրներու ռազմաճարտարագիտական համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Ալիեւ պնդած է, որ ռուս-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու այսօրուան բարձր մակարդակին շնորհիւ, կարելի է լուծել բազմաթիւ հարցեր, ներառեալ՝ տարածաշրջանային ապահովութեան առնչուող հարցեր:

Պաքուի մէջ Օգոստոս 15ին կայացած է Շոյկուի եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի հանդիպումը:

Յատկանշական է, որ Օգոստոս 12ին, կարճատեւ աշխատանքային այցով եւ Շոյկուի հրաւէրով Մոսկուա կը գտնէր Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարը, սակայն այդ այցելութեան մասին մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուած:

Ռուս-ատրպէյճանական ռազմական համագործակցութեան մասին որոշ մանրամասնութիւններ յայտնած է Շոյկուի հետ Պաքու այցելած Ռուսիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Անաթոլի Անթոնով՝ փոխանցելով, թէ Մոսկուա յառաջխաղացք կ՛ակնկալէ կասպեան տարածաշրջանին մէջ ապահովական համակարգ ստեղծելու գծով:

Այս տարածաշրջանին մէջ կ՛իյնան Ատրպէյճանը, Թիւրքմենիստանը, Իրանը, Ղազախստանն ու Ռուսիան:

Անթոնով նաեւ յայտարարած է, որ ռազմական հարցերու շուրջ ռուս-ատրպէյճանական երկխօսութիւնը պիտի շարունակուի յառաջիկայ աշնան, Մոսկուայի մէջ կայանալիք ռուս-ատրպէյճանական միջկառավարական հերթական նիստին ընթացքին:

Յիշեցնենք, որ Ռուսիա եւ Ատրպէյճան կը պատրաստուին Սեպտեմբերին նոր համաձայնագիր մը ստորագրելու։ Կը նախատեսուի, որ այս նոր համաձայնագիրին շնորհիւ, Ատրպէյճանի մէջ բացուի ռազմական ուղղաթիռներ արտադրող ռուսական ընկերութեան սպասարկման կեդրոն մը։

Փութին, անցեալ շաբաթ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ տուած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսած էր, թէ Ատրպէյճանի նման հարուստ երկիր մը կրնայ զէնք գնել որեւէ երկիրէ:

Նշենք, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ նախքան հանդիպումը տարածուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած էր, թէ Շոյկու Պաքուի մէջ պիտի քննարկէ ռազմական համագործակցութեան եւ Արցախի տագնապին վերաբերող հարցեր, սակայն ցարդ Ղարաբաղի վերաբերող հրապարակային որեւէ յայտարարութիւն չէ կատարուած:

Օգոստոս 15ին, Ռուսիա զինավարժութիւններու սկսած էր Կասպից ծովուն մէջ:

 

comments

Advertisement