Իրանի հետ Սուրիոյ հարցով պիտի գործակցինք. Չաւուշօղլու

By Asbarez | Tuesday, 16 August 2016

ԱՆԳԱՐԱ, <<Ռոյթըրզ>> - Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի հետ Անգարայի մէջ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Անգարա յառաջիկայ հանգրուանին, Սուրիոյ հարցով առաւել եւս պիտի գործակցի Թեհրանի հետ, եւ նշեց, որ երկու երկիրները բազմաթիւ հասարակաց շահեր ունին։

Չաւուշօղլու աւելցուց. <<Պէտք է միասնաբար պայքարինք ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ, եւ պիտի ամրապնդենք Իրանի հետ մեր գործակցութիւնը>>:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին նշեց, որ Թուրքիա Իրանի բարեկամ եւ եղբայր երկիր մըն է՝ աւելցնելով, որ հակառակ Թուրքիոյ հետ տարակարծութեանց, կան նաեւ կէտեր, որոնց շուրջ համամիտ են երկու երկիրները, ինչպէս՝ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը: Ան ըսաւ, որ տարակարծութիւնները կարելի է լուծել երկխօսութեան ճամբով, եւ անհրաժեշտ նկատեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարին ու այլ մարզերու մէջ գործակցութիւնը ամրապնդել, միաժամանակ ողջունելով ռուս-թրքական մերձեցումը:

Զարիֆ ըսաւ, որ իր այցելութեան նպատակը յեղաշրջումի փորձին դէմ արձանագրուած յաղթանակին համար թուրք ժողովուրդը շնորհաւորելն է:

Միւս կողմէ, <<Պի.Պի.Սի.>> կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա յայտնած է, որ ՄԱԿի մասնագէտները սկսած են Հալէպ քաղաքի՝ զինեալներուն կողմէ գրաւուած հատուածին մէջ թունաւոր կազերու հաւանական օգտագործման հետաքննութեան: Ենթադրաբար, քիմիական զէնքի օգտագործման պատճառով արձանագրուած է չորս զոհ:

 


comments

Advertisement