Թուրքիոյ սպայական կազմին 60-80 տոկոսը կապ ունի Կիւլենի շարժումին հետ Եըլտըրըմ

By Asbarez | Tuesday, 16 August 2016

0816Yildirim

ՊՈԼԻՍ - <<Հապերթիւրք>> կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ <<Չանքայա>> պալատին մէջ պատկերասփիւռի կայաններու ղեկավարներուն հետ իր հանդիպման ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու սպայական անձնակազմին 60-80 առ հարիւրը եւ զինուորական ուսումնարաններու ուսանողներուն 95 առ հարիւրը կապ ունին <<Կիւլենի ահաբեկչական կազմակերպութեան>> հետ՝ ակնարկելով Ֆեթհուլլահ Կիւլենին, որ Անգարայի կողմէ կը մեղադրուի երկրին մէջ զինուորական յեղաշրջման փորձը կազմակերպելու յանցանքով:

Թուրքիոյ վարչապետը ըսած է, որ զինուորական յեղաշրջումի փորձի դասերէն մեկնելով՝ կառավարութիւնը կը պատրաստուի վերակազմելու զինեալ ուժերը եւ Զինուորական բարձրագոյն խորհուրդը: Ըստ անոր՝ Կիւլենի շարժման կորիզը իրարու հետ հաղորդակցելու սեփական ցանցեր ունի:

Եըլտըրըմ նաեւ նշած է, որ ցարդ բացայայտուած է Կիւլենի կազմակերպութեան առնչուած 76,597 հոգի, իսկ պետական համակարգին մէջ աշխատանքէ հեռացուած են 7897 անձեր, որոնցմէ 3000էն աւելին զինուորականներ են: Ան նաեւ հաստատած է, որ յառաջիկայ վեց ամիսներուն ընթացքին Սուրիոյ հարցին մէջ Թուրքիոյ կողմէ նոր զարգացումներ պիտի ըլլան:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ վարչապետարանը հերքեց Եըլտըրըմի վերագրուած յայտարարութիւն մը, որ կ՛ակնարկէր Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջումի ձախող փորձին մէջ Սէուտական Արաբիոյ մեղսակցութեան:

Իր կարգին, արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու յայտարարեց, որ Կիւլենի շարժումին հետ կապեր ունենալու պատճառով դիւանագիտական ծառայութենէ ետ կանչուած են 208 դիւանագէտներ, որոնցմէ 32ը ցարդ չէ վերադարձած երկիր։ Ան աւելցուց, որ Պանկլատեշի թուրք դիւանագէտներէն մէկը Ռուսիա ապաստանած է, իսկ միւս երկուքը՝ Ամերիկա։

<<Մենք ետ կանչած ենք այդ երեք դիւանագէտները, որոնք կ՛աշխատէին Պանկլատեշի Թուրքիոյ դեսպանատան մէջ։ Անոնցմէ մէկը վերադարձած է Թուրքիա, իսկ միւս երկուքը Միացեալ Նահանգներ կը գտնուին։

Վերջապէս, արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ ըսաւ, որ ամերիկացիները Անգարա պիտի ուղարկեն 4 հոգիէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, քննելու համար Կիւլենի արտայանձնման հարցը։ Պատուիրակութիւնը Թուրքիա պիտի գայ Օգոստոս 22ին։

 



comments

Advertisement