By Asbarez | Wednesday, 17 August 2016
ՊԷՅՐՈՒԹ, <<Ազդակ>> - Լիբանանի դէմ Յուլիսեան պատերազմի տասնամեակին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկի մը ընթացքին, <<Հըզպալլա>>ի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ հաստատեց, թէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը համաձայն են, որ նախագահական ընտրութիւնը բանալին է հարցերու լուծման, եւ որ բոլորին դիմաց տուեալները յստակ են:
Ան շեշտեց, թէ կուսակցութիւնը նեցուկ կը կանգնի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան, իսկ խորհրդարանի նախագահի պաշտօնին համար՝ Նեպիհ Պըրրիի թեկնածութեան:
Ան նաեւ հաստատեց ազգային երկխօսութիւնը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը՝ ընդգծելով, որ կառավարութիւնը պատասխանատու է քարիւղի եւ կազի թղթածրարներուն, նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ տիրող ելեւմտական եւ տնտեսական պայքարը:
<<Լիբանանը եւ ամբողջ աշխարհը այսօր տեղեակ են, որ (լիբանանեան) Դիմադրութիւնը Իսրայէլին դէմ դնելու եւ անոր ուժը հաւասարակշռելու կարողութիւնն ունի, հետեւաբար՝ Լիբանանի բնական կազն ու քարիւղը պաշտպանուած պէտք է նկատել եւ սկսիլ այդ հարստութիւնը արտահանելու աշխատանքին>>, ըսաւ ան։
Նասրալլա ընդգծեց, որ <<Իսլամական պետութիւն>>ն ու անոր նման հաւատադրժողական խմբաւորումները ստեղծուած են Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի կողմէ, աւելցնելով, որ ներկայիս գրաւը դրուած է Ռաքքայի եւ Մուսուլի ճակատամարտերուն վրայ:
<<Հինգ տարիներ առաջ, երբ խօսքս ուղղեցի <<Քայիտա>>ի եւ <<Իսլամական պետութեան>> զինեալներուն, հաստատեցի, որ Միացեալ Նահանգներ կը փափաքի զիրենք քանդել՝ զանոնք ստեղծելէ, մարզելէ եւ զինելէ ետք: Իսկ այսօր ես այդ խմբաւորումներուն կ՛ըսեմ. <<5 տարիներ շարունակ ձեզ օգտագործեցին՝ քանդելու համար Դիմադրութեան առանցքը, շրջանի ժողովուրդները եւ անոնց յոյսերը, որպէսզի հիմնուին Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի ենթակայ վարչակարգեր: Եթէ դուք նուազագոյն իսլամականութիւնը ունիք ձեր մէջ, վե՛րջ տուէք Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի շահերուն ծառայող այս պատերազմին>>, ըսաւ Նասրալլա:
<<Մեր դիմաց ո՛չ մէկ այլընտրանք կայ՝ բացի Հալէպի պայքարը շարունակելէ եւ ըլլալէ հո՛ն, ուր պարտականութիւն պէտք է ստանձնել>>, եզրափակեց Նասրալլա:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ