Թուրքիա բողոքագիր յղեց Աւստրիոյ

By Asbarez | Wednesday, 17 August 2016

0817trk Aust

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Թուրքիոյ մօտ Աւստրիոյ հաւատարմագրուած ներկայացուցիչը արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած է, Վիեննայի օդակայանի պաստառներէն մէկուն վրայ հակաթուրք գրութեան մը վերաբերեալ բացատրութիւն տալու համար։ Նշեալ պաստառին վրայ գրուած էր. <<Թուրքիոյ մէջ արտօնուած է սեռային յարաբերութիւն ունենալ 15 տարեկանէն վար երեխաներու հետ>>։ <<Հապերլեր>> կը գրէ, որ այս գրութեան համար, Թուրքիա բողոքագիր յղած է Աւստրիոյ։

Նշենք, որ վերջերս Սահմանադրական ատեանը որոշած էր երկրի քրէական օրէնսգիրքէն դուրս հանել այն կէտը, ըստ որուն՝ մինչեւ 15 տարեկան երեխաներու հետ որեւէ սեռային յարաբերութիւն կ՛որակուի իբրեւ սեռային ոտնձգութիւն։ Խորհրդարանը 6 ամիս ունի այս որոշումը բեկանելու։

Շուէտի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս քննադատած էր թրքական այս որոշումը՝ արժանանալով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խիստ հակազդեցութեան։

Յայտնենք, թէ վերջերս Վիեննայի օդակայանի պաստառներուն վրայ երեւցած էր նաեւ հետեւեալ գրութիւնը. <<Անոնք, որոնք արձակուրդի համար Թուրքիա կը մեկնին, կ՛աջակցին Էրտողանին>>։

 



comments