Նախարարներ Օհանեան եւ Շոյկու քննարկած են ռազմական համագործակցութեան հարցեր

By Asbarez | Wednesday, 17 August 2016

0817syran1

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - Երեւանի մէջ տեղի ունեցող ՀԱՊԿ անդամ պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի նիստի ծիրին մէջ 16 Օգոստոսին տեղի ունեցած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար, բանակի զօրավար Սերկէյ Շոյկույի երկկողմանի հանդիպումը։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան ապահովման, ինչպէս նաեւ երկկողմանի ռազմական եւ զինուորական սարքերու վերաբերող համագործակցութեան առնչուած հարցեր: Նախարարները արձանագրած են, որ երկու պետութիւններու պաշտպանական գերատեսչութիւններուն միջեւ առկայ է փոխգործակցութեան բարձր մակարդակ եւ նախանշած են համագործակցութեան հետագայ ուղիները:

Քննարկուած են նաեւ Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ զինուած ուժերուն կողմէ իրականացուող լայնածաւալ մարդասիրական գործողութիւնները: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը աջակցութիւն յայտնած է Ռուսիոյ կողմէ Սուրիոյ բնակչութեան նկատմամբ ցուցաբերուող մարդասիրական օգնութեան ջանքերուն:

Հանդիպման իբրեւ արդիւնք երկու պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարները ստորագրած են <<Հայաստանի զինուած ուժերի եւ Ռուսաստանի զինուած ուժերի միացեալ զօրքերի (ուժերի) խմբաւորման շահերից բխող ռադիացիոն, քիմիական եւ կենսաբանական պաշտպանութեան ոլորտում իրավիճակի բացայայտման եւ գնահատման փոխգործակցութեան մասին>> համաձայնագիր:

 



comments